
Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը 31 կէտի տարբերութեամբ` 96-56 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լիպիան:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին Լիբանան 76-61 արդիւնքով յաղթեց Իրաքի, իսկ երկրորդին` Թունուզի, 88-76 արդիւնքով:
Այսօր Լիբանան կը մրցի Ալճերիոյ դէմ:


