Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ` Տիտիէ Տեշան, յայտնեց, որ պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ, հակառակ անոր որ իր կազմը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փորթուգալէն, Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականի ճակատումին:
Այժմ, Տեշան պիտի փորձէ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին, ինչպէս նեաւ միջազգային այլ մրցաշարքերու ընթացքին:
Նշենք, որ միջազգային մամուլը եւ շարք մը ֆրանսական լրատու գործակալութիւններ յայտնեցին, որ անոր հետ Ֆրանսայի ձեռք ձգած արդիւնքները կը նկատուին բաւական լաւ եւ գոհացուցիչ: