Փորթուգալի նախագահ Մարսելու Ռեպելու Տէ Սուսա երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին ֆութպոլիստները պարգեւատրեց 3-րդ կարգի աստիճանի պատուոյ շքանշաններով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը:
Նախորդ շաբաթավերջին Փորթուգալ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Երկրին նախագահը դրուատիքով արտայայտուեցաւ ախոյեանութիւն կերտած բոլոր մարզիկներուն ցուցաբերած տպաւորիչ խաղարկութեան մասին:
Նշենք, որ Գերմանիա եւ Սպանիա տիտղոսին տիրացած են երեքական անգամ, իսկ Ֆրանսա` երկու անգամ: