
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը գրէ, որ լողորդներ Վահան Մխիթարեան եւ Մոնիքա Վասիլեան, Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրաւունք ստացած են` «ճերմակ քարտ»-ով:
Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հայաստան ամառնային ողիմպիականի խաղերուն կ՛ունենայ 33 ներկայացուցիչ:
Արդէն իսկ որոշուած է 32-ը: Մնացած է միայն երկու կին ծանրաբարձներէն մէկը:
Նշենք, որ յառաջիկայ 5 օգոստոսին սկսելիք այս 31-րդ խաղերուն կը մասնակցին 10,500 երկսեռ մարզիկներ (մրցանիշ մը):
Ստորեւ` Հայաստանի հաւաքականին կազմը.
ԼՈՂԱՐՇԱՒ
Վահան Մխիթարեան եւ Մոնիքա Վասիլեան
ԱԹԼԵԹԻԶՄ
Լիլիթ Յարութիւնեան, Ամալյա Շառոյեան, Լեւոն Աղասեան, Գայեանէ Չիլոյեան, Տիանա Խուբեսերեան եւ Գոռ Ներկարարեան
ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒԹԻՒՆ
Հուրի Գեբեշեան, Յարութիւն Մերտինեան եւ Արթուր Դաւթեան
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ-ԱԶԱՏ ՈՃ
Լեւան Բերիանիցէ, Գէորգի Կեթոյեւ, Դաւիթ Սաֆարեան եւ Գառնիկ Մնացականեան
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ-ՅՈՒՆԱՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՈՃ
Արթուր Ալեքսանեան, Մաքսիմ Մանուկեան, Արսէն Ջուլֆալակեան եւ Միհրան Յարութիւնեան
ՀՐԱՑԱՆԱՁԳՈՒԹԻՒՆ
Հրաչիկ Բաբայեան
ԿՌՓԱՄԱՐՏ
Նարեկ Աբգարեան, Արամ Աւագեան, Վլատիմիր Մարգարեան, Արթուր Յովհաննիսեան եւ Յովհաննէս Պաչքով
ԺԻՒՏՕ
Յովհաննէս Դաւթեան
ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ-ՏՂԱՔ
Գոռ Մինասեան, Ռուբէն Ալեքսանեան, Առաքել Միրզոյեան, Անդրանիկ Կարապետեան եւ Սիմոն Մարտիրոսեան
ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ-ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Նազիկ Աւդալեան եւ ցարդ… անորոշ:


