Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ Երկրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 15 յուլիսին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ երկրորդ ճակատումը, ժամը 20:30-ին, «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ: Հաղորդած էինք, որ առաջին մրցումը աւարտեցաւ Անդրանիկի աղջիկներուն յաղթանակով: Պարտադրելու համար երրորդ մրցումը, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը այսօր ամէն ճիգ ի գործ պէտք է դնէ, յաղթանակ...

Փինկ Փոնկ. 21 Տարեկանէն Վար Երիտասարդներու Ամառնային Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ 21 տարեկանէն վար, կրտսերներու երիտասարդներու ամառնային փինկ փոնկի մրցաշարք մը: Տղոց տիտղոսին տիրացաւ Լիբանանեան բանակին մաս կազմող Ահմետ Մուսթաֆա Հարպ, որ աւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Մոհամետ Ֆահըսի (Լիբանանեան բանակ): Երրորդ դիրքը գրաւեցին Պասել Հարպ (Պարաղեմ Նապաթիէ) եւ Մոհամետ Համիէ (Նատուա Քամաթիէ): Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Նինա Մարգարեան (Անդրանիկ...

«ՖԻՖԱ»-ի Դասաւորում. Հայաստան Բարձրացաւ 102-րդ Դիրք

«ՖԻՖԱ»-ն երէկ հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը, որուն առաջին հինգ դիրքերուն վրայ ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, նախորդ ամսուան դասաւորման հետ բաղդատելով, 8 դիրքի ոստում մը արձանագրած է եւ այժմ կը գրաւէ 102-րդ դիրքը: Նշենք, որ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբակին մէջ եղող խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ...

Կռփամարտ.  16 Յուլիսին` Աբրահամ – Լիհաուկ Ճակատում

Կռփամարտ. 16 Յուլիսին` Աբրահամ – Լիհաուկ Ճակատում

ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ 16 յուլիսին Պերլինի մէջ (Գերմանիա) գտնուող Մաքս Շմելինկ մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ նորվեկիացի Թիմ-Ռոպին Լիհաուկ ճակատումը: Աբրահամ նշեց, որ իրեն համար կարեւոր էր աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը վերադարձնելը, եւ 16 յուլիսին տեղի ունենալիք այս մենամարտը իրեն համար մեծ քայլ մըն է դէպի իր այդ մեծ նպատակի իրականացում: Իր...

Պասքեթպոլ. Ազատ Մարզիկ Տուայթ Հաուըրտ Միացաւ Աթլանթա Հոքսի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Աթլանթա Հոքս, իր կազմին միացուց ազատ մարզիկ Տուայթ Հաուըրտը: 30 տարեկան Հաուըրտ, որուն վերջին ակումբը եղաւ Հիուսթըն Ռոքեթցը, ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, 3 տարուան համաձայնագիր մը ստորագրելով, այդ ժամանակամիջոցին իր նոր ակումբէն պիտի գանձէ 72,5 միլիոն ամերիկեան տոլար: 8 անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի Օլ Սթարի մրցումին մասնակցած Հաուրտ, իւրաքանչիւր մրցումի (35,3 վայրկեան) ընթացքին, միջին հաշուով կը...

Էլըրտայս Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Նոր Մարզի՞չ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կապ հաստատած է Սանտըրլենտի հետ` ձեռք ձգելու համար անոր մարզիչը` Սեմ Էլըրտայսը, որպէսզի ան նշանակուի երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին նոր մարզիչը: Սանտըրլենտ թէեւ իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն փոխանցեց այս լուրը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ ըսաւ, որ խումբին եւ մարզիչին փոխյարաբերութիւնները կը գտնուին իրենց գագաթնակէտին վրայ, հետեւաբար ակումբը կ՛ուզէ, որ ան մնայ...

Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Ակումբները.  Ռէալ Մատրիտ Նահանջեց 2-րդ Դիրք

Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Ակումբները. Ռէալ Մատրիտ Նահանջեց 2-րդ Դիրք

Վերջին երեք տարիներուն աշխարհի ամէնէն հարուստ ակումբներու առաջին դիրքը գրաւած Ռէալ Մատրիտ նոր հրապարակուած դասաւորման մէջ պարագլուխի իր դիրքը կորսնցնելով, նահանջեց 2-րդ դիրք` 3,65 միլիառ ամերիկեան տոլար արժէքով: Անոր դիրքը գրաւեց ամերիկեան ֆութպոլի ազգային լիկան ("NFL") ներկայացնող Տալաս Քաուպոյզը (4 միլիառ ամերիկեան տոլար): Իսկ երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնա (3,55 միլիառ ամերիկեան տոլար): Չորրորդ դիրքին վրայ է ամերիկեան Նիւ...

Աշխարհի Ամէնէն Աւելի Շատ Վարձատրուող Մարզիկները

«Ֆորպզ» անուանի պարբերաթերթը հրապարակեց աշխարհի ամէնէն աւելի շատ վարձատրուող մարզիկներուն ցանկը: Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, իսկ արժանթինցի Լիոնել Մեսսի` 8-րդ: Նախորդ տարեշրջանին աւարտին Ռոնալտօ շահեցաւ 88 միլիոն եւրօ, մինչ Մեսսի` 81,5 միլիոն եւրօ: 11-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի պասքեթպոլիստ Լեպրըն Ճէյմս, որուն կը յաջորդեն թենիսմէններ` Ռոժէ Ֆետերեր եւ Նովաք Ճոքովիչ: Քեւին Տիւրընթ (պասքեթպոլ) կը գրաւէ 26-րդ...

Տինյը Միացաւ Պարսելոնայի

Պարսելոնա իր կազմին միացուց ֆրանսացի միջազգային յետսապահ Լուքաս Տինյը, որ իր ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմենը լքելով, 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սպանիոյ ախոյեանին հետ, փոխան 16.5 միլիոն եւրոյի: Նշենք, որ 22 տարեկան ձախ յետսապահը, նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր Ա. Էս. Ռոմայի: Ան 13 անգամ կրած է Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ` 53-58

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 58-53 արդիւնքով պարտուեցաւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլէն: Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, ժամը 20:30-ին, «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ: Նշենք, որ կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, Անուար 51-47 արդիւնքով յաղթեց Այնթուրային:

ՖԻՊԱ. Եւրոպայի Աղջկանց 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն (Գ. Դասակարգ). Հայաստան Հանդիսացաւ Ախոյեան Ծանր Պարտութեան Մատնելով Վրաստանը (66-32)

Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) երէկ աւարտեցաւ «ՖԻՊԱ-ի Եւրոպայի աղջկանց 18 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, Հայաստանի հաւաքականին փայլուն յաղթանակով, որ աւարտականի ճակատումին 66-32 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Վրաստանը, հանդիսացաւ Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեան: Մրցումին քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 22-2, 14-8, 14-5 եւ 16-17: Հայաստանէն տպաւորիչ մրցում մը ունեցաւ Տիանա Ռամազեան, որ նշանակեց 19 կէտ, 6 ռիպաունտ, 2 էսիսթ եւ 6...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ալաշկերտ Պէտք Ունի Նուազագոյնը 3-0 Արդիւնքով Յաղթանակի Մը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Տինամօ Թիֆլիսէն, վերադարձաւ Հայաստան: Հիւրընկալ խումբը 55-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը շնորհիւ Օթար Քիթեյիշվիլի, որ դաշտ ներկայացած էր 53-րդ վայրկեանին: Կարճ ատեն մը ետք, Տինամօ նշանակեց իր երկրորդ կոլը, շնորհիւ Կէորկի Քվիթայիյայի` փենալթիով: 75-րդ վայրկեանին, Արտակ Գրիգորեանի հարուածը դպաւ մրցակիցին...

Լիբանանեան «Աստղերու Խումբը» Գրեթէ Ամբողջացաւ

10 սեպտեմբերին Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ աննախընթաց ֆութպոլի մրցում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին լիբանանեան աստղերէ կազմուած խումբ մը եւ աշխարհի անցեալի լաւագոյն ֆութպոլիստներու կազմ մը: Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին խմբապետ Ռիտա Անթար այս կարեւոր մրցումին համար, նկատի առաւ շարք մը այլ ֆութպոլիստներ եւս` այսպիսով գրեթէ ամբողջացնելով իր կազմը: Անոր կազմին մէջ են...

Մխիթարեան Իր Առաջին Փորձը Կատարեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ` Հենրիխ Մխիթարեան, որ նախորդ շաբաթ, իր խումբը` Պորուսիա Տորթմունտը լքելով միացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին, երէկ կատարեց առաջին փորձը` իր նոր խմբակիցներուն հետ: Մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը, յառաջիկայ 16 յուլիսին, պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ ֆութպոլի բարեկամական հանդիպումի մը ընթացքին մրցի Ուիկընի դէմ: Կը սպասուի, որ այս հանդիպումին մասնակցի նաեւ Մխիթարեան:  

Ումթիթի` Պարսելոնայի Նորեկը

Քաթալոնիական Պարսելոնայի վերջին նորեկ ֆութպոլիստը եղաւ Օլիմփիք Լիոնի կեդրոնի յետսապահ Սամուէլ Ումթիթի: Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին 22 տարեկան ֆութպոլիստը, 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց փոխան 25 միլիոն եւրոյի: Ըստ կնքուած պայմանագիրին, անոր հրաժարագինը կը կազմէ 60 միլիոն եւրօ: Ան բժշկական քննութիւններու պիտի ենթարկուի յառաջիկայ 15 յուլիսին: Նախորդ շաբաթավերջին աւարտած Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան Ֆրանսայի կատարած վերջին երեք մրցումներուն ան դաշտ ներկայացաւ...

Պասքեթպոլ. Թիմ Տանքըն Աւարտեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Երկար տարիներ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Սան Անթոնիօ Սփըրզի մաս կազմած Թիմ Տանքըն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ պասքեթպոլի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Այս լուրը կը հաղորդէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պաշտօնական կայքը: 19 տարի հանդէս գալով միայն Սփըրզի հետ, ան իր խումբին հետ 5 անգամ հանդիսացած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան: Նախապէս հաղորդուեցաւ, որ Տանքըն կրնայ օգտուիլ իր պայմանագրութեան կէտերէն եւ...

Թիերի Հանրի Լքեց Արսենալը

Լոնտոնեան Արսենալի կրտսերներու խումբերուն համակարգող Թիերի Հանրի խումբին 18 տարեկանէն վար կազմին գլխաւոր մարզիչը ըլլալու հաւանականութիւն ունէր, սակայն լիովին այս մէկուն դէմ կանգնեցաւ Արսենալի գլխաւոր մարզիչ Արսէն Վենկեր: Այս մասին կը գրէ «Տը Թելեկրաֆ»-ը: Վենկեր յայտնեց, որ Հանրի չի կրնար միեւնոյն ժամանակ երկու տարբեր պաշտօններ կատարել: Նշենք, որ 38 տարեկան Հանրի «Սքայ սփորթզ» պատկերասփիւռին կ՛աշխատակցի որպէս ուղղակի սփռուող մրցումներու մեկնաբան:...

Թուր Տը Ֆրանս. Սական Հանդիսացաւ Առաջին, Երէկուան Հանգրուանին

Փիթըր Սական Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Թուր տը Ֆրանսի 11-րդ հանգրուանին, երէկ, երեք հեծելանւորդներ նոյն արդիւնքը արձանագրելով (3 ժամ 26' 23"), գրաւեցին առաջին երեք դիրքերը: Առաջին դիրքը գրաւողը եղաւ Փիթըր Սական (Սլովաքիա), որ մաս կը կազմէ Թինքոֆ խումբին: Աշխարհի ախոյեան 26 տարեկան Սական, որ այսպիսով յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով առաջին դիրքը գրաւեց, իր երէկուան այս յաղթանակը արձանագրեց` Քարքասոնէն Մոնփելիէ (162,5...

Գերմանիոյ Մարզիչը Պիտի Շարունակէ Իր Աշխատանքը

Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտէն ետք, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ, հանդիպում ունեցաւ երկրին ֆետերասիոնին նախագահին Ռայնհարտ Կրինտելի հետ եւ քննեց իր ապագայի հարցը: Կողմերը որոշում տուին, որ մարզիչը պէտք է շարունակէ իր աշխատանքը` մինչեւ գործող պայմանագրութեան աւարտը: Լոյեւի ստորագրած համաձայնագիրը կ՛աւարտի 2018-ին: Նշենք, որ Լոյեւ Գերմանիոյ մարզիչ նշանակուած է 2006-ին:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի ճակատումները կը սկսին այսօր: Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Առաջին մրցումը, որուն ընթացքին պիտի ճակատին Անուարը եւ Պըրժ Այնթուրան, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին: Իսկ երկրորդ մրցումին, ժամը 20:30-ին, իրարու դէմ յանդիման պիտի գան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը եւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլը: Նախորդ հանգրուանին նման, այս մրցումները եւս տեղի...

Page 1086 of 1276 1 … 1,085 1,086 1,087 … 1,276

Արխիւներ