Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Հուփս ակումբը, պատուեց իր մարզիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերելով Մաթիրայի (Իտալիա) պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին, արձանագրեց տպաւորիչ արդիւնքներ:
Այս մեծարանքին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հեննաուի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ` Ժան Համմամ, Հուփս ակումբի նախագահ` Ժասեմ Քանսօ եւ այլ հրաւիրեալներ:
Նշենք, որ Հուփս, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, այս մրցաշարքին գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Իտալիոյ մրցաշարքին մասնակցողներուն: