
Կիրակի, 10 յուլիս 2016-ին, Լեռնալիբանանի Քնէյսէ գիւղի քաղաքապետութիւնը կազմակերպած էր 10 քմ վազքի մրցում մը: Մրցումին ներկայ էին շրջանի կրօնական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ: 10 քմ վազքին կը մասնակցէին 250-էն աւելի երկսեռ մարզիկներ, մարզական տարբեր ակումբներէն:
ՀՄԸՄ եւս ներկայ էր այնտեղ:
Վազքը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին` Քնէյսէ գիւղի եկեղեցւոյ շրջափակէն: Մարզիկները խանդավառօրէն վազեցին շրջանի կանաչապատ լեռներուն մէջէն ու վերադարձան նոյն վայրը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մրցանակաբաշխութիւն: Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Պէյրութը 10 քմ վազքը աւարտեց 57 վայրկեանէն եւ իր տարիքային խմբաւորման մէջ (45 տարեկան եւ վեր) հանդիսացաւ երկրորդ: Ան ստացաւ իր տիտղոսն ու մետալը ձեռամբ Քնէյսէ գիւղի քաղաքապետ Թոնի Ռըզքալլայի:


