«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն` Հիուսթըն Ռոքեթցի մարզիկ` Ճէյմզ Հարտեն իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր կազմին հետ` յաւելեալ 4 տարի եւս մնալով իր կազմին հետ:
Նախորդ պայմանագրութիւնը կ՛աւարտէր 2018-ին:
2016-2017 տարեշրջանին համար, ան պիտի գանձէր 16,8 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ 2017-2018 տարեշրջանին համար` 17,8 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Ինչ կը վերաբերի նոր համաձայնագիրին, 26 տարեկան մարզիկը, յառաջիկայ 4 տարիներուն պիտի գանձէ 26,5-28,3-30,4 եւ 32,7 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Նախորդ տարեշրջանին, ան իւրաքանչիւր մրցումի, միջին հաշիւով նշանակեց 29 կէտ, 6,1 ռիպաունտ, 7,5 էսիսթ եւ 1,7 սթիլ, կը յայտնէ միջազգային YahooSports-ը: