«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքին համաձայն, Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պիտի ստանայ 25,5 միլիոն եւրօ` Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած ըլլալուն համար, իսկ փոխախոյեանը` Ֆրանսան, 23,5 միլիոն եւրօ:
Ախոյեանութեան մասնակցած բոլոր խումբերն ալ կը ստանան 8-ական միլիոն եւրօ:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած իւրաքանչիւր յաղթանակի համար խումբերը կը ստանան մէկական միլիոն եւրօ, իսկ հաւասարութեան համար` 500 հազարական եւրօ:
1-8-րդ հանգրուանին բոլոր խումբերը կը ստանան 1,5-ական միլիոն եւրօ, քառորդ աւարտական հասած խումբերը` 2,5-ական միլիոն եւրօ, կիսաւարտական հասածները` 4-ական միլիոն եւրօ, իսկ ախոյեանը` 8 միլիոն եւրօ:
Այս տարի, մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կազմեց 301 միլիոն եւրօ:
2012-ին անիկա 196 միլիոն եւրօ էր, իսկ 2008-ին` 184 միլիոն եւրօ: