Գանձասար-Կապանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբին շարքերուն միացաւ 24 տարեկան յառաջապահ` Գէորգ Օհանեան:
Բարձրագոյն դասակարգին մաս կազմող ակումբը, մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց հայրենի ֆութպոլիստին հետ:
Նախքան Գանձասար-Կապանի միանալը, Օհանեան մաս կը կազմէր լիբանանեան ՀՄԸՄ ֆութպոլի խումբին, կը հաղորդէ ArmSport.am-ը:
Նշենք, որ Օհանեան նաեւ հանդէս եկած է Ալաշկերտի, Բանանցի եւ Արարատի հետ, իսկ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցած է 8 մրցումի` նշանակելով կոլ մը միայն: