
Կազմակերպութեամբ` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 10 յուլիսին տեղի ունեցաւ Արզի 25-րդ ռելին, հովանաւորութեամբ Լիբանանեան բանակի հրամանատար, զօր. Ժան Քահուաժիի:
Ապտօ Ֆըղալի, որ կը վարէր Ֆորտ Ֆիեսթա Ար.-5 ինքնաշարժը, իր օգնականին` Մարք Հատտատի հետ, հանդիսացաւ առաջին, արձանագրելով` 1 ժամ 04′ 18″ արդիւնք մը:
2-րդ դիրքը գրաւեց Ռոժէ Ֆըղալի-Ժոզեֆ Մաթար զոյգը (Միթսուպիշի Լանսըր-Էվօ-9), որ արձանագրեց` 1 ժամ 05′ 12″ արդիւնք մը, մինչ երրորդ հանդիսացաւ Էտի Ապու Քարամ – Ժոզեֆ Քըմէյտ (Էվօ-10) զոյգը, որ արձանագրեց` 1 ժամ 07′ 39″ արդիւնք մը:
Այս ռելիին աւարտին, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: