Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Տուկլաս Քոսթա վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերուն: Այս մասին յայտնեց միւնիխեան ակումբին նախագահ Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ:
Նշենք, որ Քոսթա, ողիմպիականի խաղերուն ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցելու համար Պրազիլի խումբ հրաւիրուած 23 տարեկանէն վեր երեք ֆութպոլիստներէն մէկն է: