Հինգ կրան շլեմի թենիսի տիտղոսներու տիրացած ռուս Մարիա Շարափովա, որ նախորդ յունիսին երկու տարիով կախակայուեցաւ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ, արգիլեալ խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալուն համար, պիտի բացակայի Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերէն, նկատի ունենալով որ հարցաքննութեան թուականը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ սեպտեմբերին, յայտնեց միջազգային մարզական դատարանը (“CAS”):
29 տարեկան Շարափովա եւ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը, թէեւ ներկայացան “CAS”-ին, բայց եւ այնպէս, անոր կախակայման հարցը պիտի քննարկուի յառաջիկայ 19 սեպտեմբերին, որովհետեւ անոր թղթածրարին մասին, ցարդ ամէն ինչ ամբողջացած չէ:
Ռիոյի ողիմպիականը կը սկսի յառաջիկայ 5 օգոստոսին: