Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ».  Հայաստանի Ախոյեան Ալաշկերտ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Չեմփիընզ Լիկ». Հայաստանի Ախոյեան Ալաշկերտ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ալաշկերտ - Տինամօ Թիֆլիս մրցումը: Հիւր կազմը մրցումին 21-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կոլը, այսպիսով Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ վրացական խումբին առաւելութեամբ: Սակայն Բ. կիսախաղին Նորայր Կէօզալեան նշանակեց Հայաստանի ախոյեանին հաւասարութեան կոլը (51-րդ): Այդ կոլէն ետք այլ կոլեր չնշանակուեցան, եւ Ալաշկերտ դուրս մնաց...

Գագիկ Ծառուկեան Ընդունեց Հայաստանի Պասքեթպոլի 18 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Հաւաքականը

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ընդունեց Եւրոպայի պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած Հայաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականին անդամները` մարզիկներով, մարզիչներով եւ պատասխանատուներով: Ան շնորհաւորեց հաւաքականին կատարած այս կարեւոր իրագործումը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ: Հանդիպումին աւարտին պասքեթպոլի պատուիրակութիւնը Ծառուկեանին նուիրեց խորհրդանշական մետալը եւ խումբին անդամներուն ստորագրութիւնը կրող գնդակը: Աւանդութեան համաձայն, ախոյեանութեան այդ տիտղոսը զետեղուեցաւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական...

Մխիթարեան Պիտի Մեկնի Չինաստան. Իպրահիմովիչ` Ոչ

Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ հրապարակեց անունները այն 25 ֆութպոլիստներուն, որոնք պիտի մեկնին Չինաստան` նախապատրաստուելու համար Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին: Այդ ֆութպոլիստներուն շարքին կը գտնուի ակումբի նորեկ միջնապահ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Սակայն ցանկէն կը բացակայի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, ինչպէս նաեւ այլ յառաջապահ մը` Անթոնի Մարսիալ:      

Ռիօ-2016. Ֆրանսացի Թենիսմեն Կասքէ Պիտի Բացակայի Ողիմպիականէն

Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 14-րդ դիրքը գրաւող ֆրանսացի Ռիշար Կասքէ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն, յայտնեց lemonde.fr: Ֆրանսայի թենիսի ֆետերասիոնը հաղորդեց, որ 30 տարեկան Կասքէի փոխարէն Պրազիլ պիտի մեկնի Պենուա Փեր, որուն համար «Ռիօ-2016»-ը պիտի ըլլայ ողիմպիականի առաջին մասնակցութիւնը: Զոյգի խաղերուն Կասքէի փոխարէն Ճօ-Ուիլֆրետ Ցոնկայի հետ մրցումներուն պիտի մասնակցի Կայել Մոնֆիս:    

«Եուրոփա Լիկ». Սպարտակ Թրնավա – Շիրակ Մրցումին Իրաւարարը` Հիւսիսային Իրլանտայէն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 21 յուլիսին տեղի ունենալիք` «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի Սպարտակ Թրնավա - Շիրակ դարձի մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ Առնոլտ Հանթըր (Հիւսիսային Իրլանտա): Բնականաբար, անոր օգնականները պիտի ըլլան անոր ազգակիցները: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:15-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով, կը յայտնէ ArmSport.am:

Ռէալ Մատրիտ 120 Միլիոն Եւրօ Վճարելով Կ՛ուզէ Գնել Փոկպան

»Ըստ «ԱՍ»-ի փոխանցած տեղեկութիւններուն, Ռէալ Մատրիտ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու Եուվենթուսի միջնապահ Փոլ Փոկպան: Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահով հետաքրքրուած է նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ: Արքայական ակումբը անոր փոխանցման համար 120 միլիոն եւրօ վճարելով մարզիկներու փոխանցման շրջագիծին մէջ կ՛ուզէ աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատել: Նշենք, որ Փոկպա, որ Եուվենթուսի հետ իր պայմանագրութիւնը ցարդ չէ երկարաձգած, Մանչեսթըր...

Ռոնալտոյի Վերադարձը` Սեպտեմբերին

Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ ապաքինումի ընթացքի մէջ է, ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ սեպտեմբերին, այս մասին կը յայտնէ «Մարքա»: Ինչպէս ծանօթ է, Ռոնալտօ վիրաւորուեցաւ Ֆրանսայի դէմ տեղի ունեցած Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումին: 9 օգոստոսին Ռէալ Մատրիտ մրցում մը ունի կատարելիք Սեւիլլայի դէմ` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակի մրցաշարքին գծով: Իսկ 21 եւ 28...

Պարսելոնա Էնրիքէին Պիտի Առաջարկէ Նոր Պայմանագրութիւն Մը

Պարսելոնայի փոխնախագահ Եորտի Մեսթրէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբը մտադիր է այս տարեշրջանին նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել խումբի մարզիչ Լուիս Էնրիքէին: Անոր գործող պայմանագրութիւնը ուժի մէջ կը մնայ մինչեւ 2017: «Կը կարծեմ, որ այդ առաջարկը անոր պիտի ներկայացնենք մինչեւ յառաջիկայ տարուան յունուարը: Ակումբին պատասխանատուները եւ մարզիկները գոհ են Էնրիքէէն: Հետեւաբար, կը կարծենք, որ ինք եւս գոհ ըլլալով...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Այսօր Կը Վերսկսի Իր Փորձերուն

Այսօր` երեքշաբթի, 19 յուլիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը կը վերսկսի իր փորձերուն` պատրաստուելու համար Ասիոյ-2019-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Լիբանանի մոնթենեկրոցի մարզիչը Միոտրակ Ռատոլովիչ, որ ազգային խումբ հրաւիրեց 25 մարզիկներ, նկատի առած է նաեւ նորեկ ֆութպոլիստներ, որպէսզի անոնցմէ լաւագոյնները ընտրէ: Լիբանան ամէնօրեայ դրութեամբ իր փորձերը պիտի կատարէ ժամը 16:45-էն սկսեալ, Պիր Հասանի մարզահամալիրին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ – Անուար` 57-48

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ, «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, երբ իրարու դէմ ճակատեցան Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ եւ Անուար: Անդրանիկ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը, երբ 57-48 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, նոյն վայրին մէջ, ժամը 20:30-ին: Նշենք, որ աւարտականի այս ճակատումին երեք մրցումէ երկու յաղթանակ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ալաշկերտ – Տինամօ Թիֆլիս Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 19 յուլիսին, տեղի կ՛ունենայ Ալաշկերտ - Տինամօ Թիֆլիս մրցումը: Հայաստանի ախոյեանը այսօր քիչ մը դժուար առաքելութիւն ունի կատարելիք, որովհետեւ երթին մրցակիցին դաշտին վրայ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Միայն նուազագոյնը 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը կրնայ հայկական կազմը անցընել յաջորդ հանգրուանին: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Երեւանի...

Ռէալ Մատրիտ 25 Ֆութպոլիստներով Մեկնեցաւ Քանատա

Նախորդ շաբաթավերջին մարզիչ Զինետին Զիտանի գլխաւորած կազմը` Ռէալ Մատրիտ, 25 ֆութպոլիստներով մեկնեցաւ Քանատա, պատրաստուելու համար Լա լիկայի 2016-2017 տարեշրջանին: Խումբին մէջ ընդգրկուած են նաեւ երկրորդ կազմի մարզիկներ: Արքայական ակումբը, որ Մոնրէալի մէջ երէկ սկսաւ իր առաջին փորձերուն, հոն պիտի կատարէ երեք մրցում` International champions Cup-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ մրցելով` Փարիզ Սեն Ժերմենի, Չելսիի եւ Պայէրն Միւնիխի դէմ:

Ռենաթօ Սանչես Պիտի Կրէ Թիւ 35 Շապիկը

Պայէրն Միւնիխի նորեկ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Ռենաթօ Սանչես ընտրեց իր կրելիք շապիկին թիւը, որ պիտի ըլլայ 35: Նշենք, որ 18 տարեկան Ռենաթօ, որ փոխան 35 միլիոն եւրոյի Պենֆիքայէն միացաւ Գերմանիոյ ախոյեանին, իր ակումբին` Պենֆիքայի հետ կը կրէր թիւ 85 շապիկը, իսկ ազգային խումբին հետ` թիւ 18:

Ռոպեն 6 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Արժեն Ռոպեն շուրջ 6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքը: Լիփշթատի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ վերջ գտաւ Պայէրնի յաղթանակով (4-3), Ռոպեն թէեւ կոլ մը նշանակեց, սակայն վիրաւորուեցաւ եւ մրցումէն անմիջապէս ետք ենթարկուեցաւ յատուկ քննութիւններու: Բժիշկները ըսին, թէ իր այդ ստացած վնասուածքին պատճառով 32 տարեկան հոլանտացին 6 շաբաթ չի կրնար ֆութպոլի...

Թուր Տը Ֆրանս.  Փիթըր Սական Շահեցաւ 16-րդ Հանգրուանի Մրցումը

Թուր Տը Ֆրանս. Փիթըր Սական Շահեցաւ 16-րդ Հանգրուանի Մրցումը

Փիթըր Սական Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին` Թուր տը Ֆրանս-ին 16-րդ հանգրուանի մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ, Մուարան ան Մոնթանյիէն Պերն (209 քմ): Անիկա աւարտեցաւ յաղթանակով Փիթըր Սականին (Սլովաքիա), որ ժամանման գիծ հասաւ 4 ժամ 26 վայրկեան եւ 02 երկվայրկեանէն: Աւելի քան 30 հեծելանւորդներ, նոյն արդիւնքը արձանագրելով, հասան ժամանման գիծ: Յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին նորվեկիացիներ` Ալեքսանտր Քրիսթոֆ եւ Սոնտրէ Էնկեր: Քրիս...

Պարսելոնա Ունեցաւ Նոր Հովանաւոր Մը

Sport.es կայքը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակած իր լուրին մէջ տեղեկացուց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնան ունեցաւ նոր հովանաւոր մը` Betfair գրաւի գրասենեակի ընկերութիւնը: Համաձայնագիրը նախատեսուած է 5 տարուան համար: Կը նշուի, որ քաթալոնիական ակումբը Betfair-ի հետ պիտի համագործակցի տարբեր ոլորտներու մէջ: Sport.es կ՛եզրափակէ` ըսելով, որ Պարսելոնայի ֆութպոլիստները պիտի մասնակցին Betfair-ի ծանուցումներուն:

Ռոնալտոյի Հերթական Բարեսիրութիւնը

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Եւրոպայի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով, իր ստացած նիւթական պարգեւը տրամադրած է բարեսիրական նպատակի: Ինչպէս կը տեղեկացնէ` «Manchester United Red Zone»-ը, «Ոսկեայ գնդակի» եռակի դափնեկիրը մանուկներու քաղցկեղի դէմ պայքարի հիմնադրամին փոխանցած է 275 հազար եւրօ: Կը հաղորդուի, որ Ռէալ Մատրիտի հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին տիտղոսին տիրանալէն ետք եւս ան դիմած էր այդ նոյն քայլին:

Մեսսի` Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգելու Սեմին

Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի մօտ է Պարսելոնայի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելուն: Այս մասին կը յայտնէ Mundo Deportivo: Նէյմարի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելէն ետք քաթալոնիական ակումբը առաջնահերթ նպատակ ունի նաեւ երկարաձգել Մեսսիի պայմանագրութիւնը, որուն գործող համաձայնագիրը, որ պաշտօնապէս ստորագրուած է, կ՛երկարի մինչեւ 2018: Կը նշուի, որ կողմերը արդէն իսկ համաձայնած են այդ մէկը երկարաձգել մինչեւ 2021: Արձակուրդէն իր վերադարձէն ետք, Մեսսի...

Եուվենթուս Մտադիր Չէ 94,7 Միլիոն Եւրօ Վճարել Հիկուայինի Համար

Եուվենթուս Մտադիր Չէ 94,7 Միլիոն Եւրօ Վճարել Հիկուայինի Համար

Կոնցալօ Հիկուային Նափոլիի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Եուվենթուս մտադիր չէ արժանթինցի իր յառաջապահին` Կոնցալօ Հիկուայինի փոխանցման համար 94,7 միլիոն եւրօ վճարել: Նշենք, որ նախապէս յայտարարուեցաւ, որ Եուվենթուս 4 տարուան պայմանագրի մը շուրջ համաձայնած է Հիկուայինի համար, փոխան` 7 միլիոն եւրոյի տարեկան աշխատավարձի:

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Կրտսերներու Ազգային Խումբը Հանդիսացաւ Երկրորդ

Երէկ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) աւարտեցաւ Արաբական պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու ախոյեանութիւնը` Եգիպտոսի եւ Լիբանանի միջեւ աւարտականի մրցումով: Հիւրընկալ երկիրը տիրացաւ տիտղոսին, երբ 64-54 արդիւնքով (16-12, 38-19, 52-36 եւ 64-54) յաղթեց Լիբանանի: Նշենք, որ Լիբանանի կրտսերները (18 տարեկանէն վար) կիսաւարտականին 78-68 արդիւնքով յաղթեցին Ալճերիոյ: Թունուզ գրաւեց երրորդ դիրքը, յաղթելէ ետք Ալճերիոյ:

Page 1084 of 1276 1 … 1,083 1,084 1,085 … 1,276

Արխիւներ