Պարսելոնայի փոխնախագահ Եորտի Մեսթրէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբը մտադիր է այս տարեշրջանին նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել խումբի մարզիչ Լուիս Էնրիքէին: Անոր գործող պայմանագրութիւնը ուժի մէջ կը մնայ մինչեւ 2017:
«Կը կարծեմ, որ այդ առաջարկը անոր պիտի ներկայացնենք մինչեւ յառաջիկայ տարուան յունուարը: Ակումբին պատասխանատուները եւ մարզիկները գոհ են Էնրիքէէն: Հետեւաբար, կը կարծենք, որ ինք եւս գոհ ըլլալով խումբէն, իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ», ըսաւ Մեսթրէ` «Մունտօ Տեփորթիվօ»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին: