Sport.es կայքը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակած իր լուրին մէջ տեղեկացուց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնան ունեցաւ նոր հովանաւոր մը` Betfair գրաւի գրասենեակի ընկերութիւնը: Համաձայնագիրը նախատեսուած է 5 տարուան համար:
Կը նշուի, որ քաթալոնիական ակումբը Betfair-ի հետ պիտի համագործակցի տարբեր ոլորտներու մէջ:
Sport.es կ՛եզրափակէ` ըսելով, որ Պարսելոնայի ֆութպոլիստները պիտի մասնակցին Betfair-ի ծանուցումներուն: