Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի մօտ է Պարսելոնայի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելուն: Այս մասին կը յայտնէ Mundo Deportivo:
Նէյմարի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելէն ետք քաթալոնիական ակումբը առաջնահերթ նպատակ ունի նաեւ երկարաձգել Մեսսիի պայմանագրութիւնը, որուն գործող համաձայնագիրը, որ պաշտօնապէս ստորագրուած է, կ՛երկարի մինչեւ 2018:
Կը նշուի, որ կողմերը արդէն իսկ համաձայնած են այդ մէկը երկարաձգել մինչեւ 2021:
Արձակուրդէն իր վերադարձէն ետք, Մեսսի պիտի ստորագրէ իր նոր պայմանագրութիւնը: