Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Արժեն Ռոպեն շուրջ 6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Լիփշթատի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ վերջ գտաւ Պայէրնի յաղթանակով (4-3), Ռոպեն թէեւ կոլ մը նշանակեց, սակայն վիրաւորուեցաւ եւ մրցումէն անմիջապէս ետք ենթարկուեցաւ յատուկ քննութիւններու:
Բժիշկները ըսին, թէ իր այդ ստացած վնասուածքին պատճառով 32 տարեկան հոլանտացին 6 շաբաթ չի կրնար ֆութպոլի դաշտերը ներկայանալ:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Պունտըսլիկայի 2016-2017 տարեշրջանը կը սկսի 26 օգոստոսին: Ան շատ հաւանաբար բացակայի տարեշրջանին բացման մրցումէն: