
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 19 յուլիսին, տեղի կ՛ունենայ Ալաշկերտ – Տինամօ Թիֆլիս մրցումը:
Հայաստանի ախոյեանը այսօր քիչ մը դժուար առաքելութիւն ունի կատարելիք, որովհետեւ երթին մրցակիցին դաշտին վրայ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Միայն նուազագոյնը 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը կրնայ հայկական կազմը անցընել յաջորդ հանգրուանին:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուեցաւ շուէտացի Մոհամետ Հաքիմ:


