Մարզական

Հապիպ – Սմահա Զոյգը Ամբողջացուց Պէյճինկ – Փարիզ Ռելին

Հապիպ – Սմահա Զոյգը Ամբողջացուց Պէյճինկ – Փարիզ Ռելին

Լիբանանցի վարորդ Շարպել Հապիպ եւ անոր օգնականը` Ուալիտ Սմահա, յաջողեցան Պէյճինկ - Փարիզ միջազգային 6-րդ ռելին ամբողջացնել, այսպիսով պատմութիւն կերտելով եւ իրենց անունը արձանագրելով ռելիներու պատմութեան մէջ: 115 ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ եւ աւելի քան 50 երկիրներու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան, անոնք ամբողջացուցին 13.695 քմ` 12 յունիսէն 17 յուլիս երկարող ժամանակամիջոցին, իրենց Փորշ 356-Սի. (1964 տիպի) ինքնաշարժով: Անոնք տիրացան ոսկի մետալին, որովհետեւ ժամանման գիծ...

Հաշեմ Հայտար Մեկնեցաւ Թայլանտ

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար երէկ մեկնեցաւ Թայլանտ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ ֆութսալի ֆետերասիոնին համագումարին: Նշենք, որ Հայտար Ասիոյ ֆութսալի ֆետերասիոնին փոխնախագահն է:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումին, Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով Անուար Ժտէյտէի դէմ, հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը: Անդրանիկ, որ առաջին մրցումին 54-48 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երկրորդին արձանագրեց 50-43 արդիւնքով յաղթանակ մը: Օրուան իրաւարարներն էին յորդանանցիներ Նասեր Ապու Ռաշետ, Մոհամետ Ֆաուզի եւ լիբանանցի Ժորժ...

Յստակացաւ Հայաստանի Դրօշակակիրը` Ռիօ-2016-ի Բացման

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք 2016-ի ողիմպիական խաղերուն բացման հանդիսութեան Հայաստանի դրօշին տակ պիտի տողանցեն պատուիրակութեան 35 անդամներ: Երէկ յստակացաւ, որ բացման հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի դրօշակակիրը պիտի ըլլայ լողորդ Վահան Մխիթարեան:

Նատալ Թանգարան Մը Բացաւ Մանաքորի Մէջ

Անցեալին տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ թանգարան մը բացաւ իր հայրենի Մանաքոր քաղաքին մէջ: Ան անձամբ մասնակցեցաւ բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Թանգարանին մէջ զետեղուած են անոր տիրացած բազմաթիւ մրցանակները: Նշենք, որ Նատալ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Թորոնթոյի մէջ (Քանատա) տեղի ունենալիք թենիսի միջազգային մրցաշարքին: Այդ մրցաշարքէն պիտի բացակային նաեւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր եւ անգլիացի...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականին Առաջին Յաղթանակը

Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը, կը հաղորդէ ArmSport.am` իր այս լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն: Ա. խմբակին մէջ իր կատարած չորրորդ մրցումին, Հայաստան 65-62 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանի: Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արամ Արսլանեան (18):  

Մարատոնա. «Պատրաստ Եմ Ձրիօրէն Մարզելու Արժանթինի Խումբը»

Արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա, որ ներկայիս անգործ է, փափաք յայտնեց մարզելու երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը: «Ֆոքս Սփորթս» կը մէջբերէ անոր հետեւեալ խօսքերը. «Տիեկօ Սիմէոնէն չ՛ուզեր ստանձնել մարզիչի պաշտօնը` նիւթական պատճառներով: Ինծի համար նիւթականը երբեք հարց չէ: Կ՛ուզեմ ստանձնել մարզիչի այդ պաշտօնը` առանց նիւթական ակնկալութեան: Շատեր կը կարծեն, որ մարզիչ նշանակուիլս շատ սուղ պիտի արժէ: Անոնք կը սխալին, որովհետեւ...

Գանձասար – Կապան Մեկնեցաւ Պուլկարիա

Երկու շաբթուան ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու նպատակով, Գանձասար - Կապան մեկնեցաւ Պուլկարիա, յայտնեց Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Կը նախատեսուի, որ ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին կապանեան խումբը Պուլկարիոյ մէջ ֆութպոլի բարեկամական չորս մրցումներ կատարէ: Խումբի գլխաւոր մարզիչ Աշոտ Բարսեղեան 21 ֆութպոլիստներով մեկնեցաւ Պուլկարիա:  

Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ – Սեւիլլա Մրցումին Իրաւարարները` Սերպիայէն

9 օգոստոսին նորվեկիական Թրոնհայմ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի Ռէալ Մատրիտ - Սեւիլլա զուտ սպանական մրցումը: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սերպիայէն` գլխաւորութեամբ կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար Միլորատ Մաժիչի:

Պարսելոնա Կ՛ուզէ Հաւասարեցնել Սուարեզի Եւ Նէյմարի Աշխատավարձերը

Պարսելոնա կը պատրաստուի բարձրացնելու յառաջապահ Լուիս Սուարեզի աշխատավարձը, որպէսզի անիկա հաւասարի Նէյմարի աշխատավարձին, որ ան ներկայիս կը գանձէ իր ակումբէն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Ա-Պոլա»-ն, բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան ուրուկուէյցի յառաջապահ Սուարեզի հետ` անոր պայմանագիրին բարելաւման գծով: Նէյմար, որ նախապէս երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը, տարեկան պիտի գանձէ 15 միլիոն եւրօ: Կնքուելիք համաձայնութենէն ետք, Սուարեզ իր կարգին այդքան պիտի գանձէ:

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Կրտսերներու Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Իրան

Երէկ` չորեքշաբթի, 20 յուլիսին, Իրան մեկնեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի կրտսերներու (18 տարեկանէն վար) ազգային խումբը, հոն իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ 18 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 22-31 յուլիսին: Այս մրցաշարքին կը մասնակցին 12 խումբեր` բաժնուած հետեւեալ ձեւով. Ա. ԽՄԲԱԿ.- Չինաստան, Թայփէ, Ֆիլիփեաններ, Հնդկաստան, Իրաք եւ Թայլենտ: Բ. ԽՄԲԱԿ.- Իրան, Հարաւային Քորէա, Ճափոն, Ղազախստան, Ինտոնեզիա եւ Լիբանան:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ – Պիպլոս Աւարտականի Առաջին Մրցումը` Հինգշաբթի, 14 Մայիսին

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Ազդանշանը Պիտի Տրուի 8 Նոյեմբերին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շաբաթական հերթական ժողովին քննարկեց Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին առնչուած հարցեր: Ասկէ մեկնելով, ֆետերասիոնը Ա. դասակարգի ակումբները յատուկ ժողովի մը հրաւիրեց հինգշաբթի, 21 յուլիսին, ժամը 17:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ), աւելի մանրամասն քննելու համար բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին, օտարական մարզիկներու հարցը: Յայտարարուեցաւ, որ 6 նոյեմբերին տեղի ունենայ գերբաժակի մրցաշարքը, որմէ ճիշդ երկու օր...

Ռիօ-2016. Հայաստանի Հաւաքականին Վերջնական Կազմը

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը ներկայացուց Հայաստանի բոլոր մարզիկներուն անունները, որոնք կը մասնակցին Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ամառնային ողիմպիականի խաղերուն: Հայաստան Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերուն պիտի ունենայ 33 մասնակցող, ինչ որ կը նկատուի մրցանիշ մը: Նշենք, որ նախանցեալ օր յստակացաւ աղջկանց ծանրաբարձութեան մրցումներուն մասնակցող երկրորդ ներկայացուցիչին անունը` Սոնա Պօղոսեան: Ստորեւ` Ռիօ մեկնողներուն ցանկը. ԱԹԼԵԹԻԶՄ Ամալիա Շարոյեան,...

Կիրակի, 24 Յուլիսին Մարզական Ինքնաշարժներու Հաւաք` Ժըպէյլի Մէջ

Ժըպէյլի նաւահանգիստը, կիրակի, 24 յուլիսին, կը հիւրընկալէ մարզական յատուկ ինքնաշարժներու հաւաք մը, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 11:00: Երրորդ անգամ ըլլալով կայացող այս հաւաքին ընթացքին մարզասէր հասարակութիւնը առիթ կ՛ունենայ մօտէն ծանօթանալու տարբեր տեսակի իւրայատուկ ինքնաշարժներու եւ վարորդներու` տարբեր շրջաններէ հոն ժամանած: Նշենք, որ անիկա կը նմանի Քալիֆորնիոյ մէջ (Մ. Նահանգներ) տեղի ունեցող իւրայատուկ ինքնաշարժներու հաւաքին:

Ռիօ-2016. Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Հրապարակեց Պրազիլ Մեկնող Պատուիրակութիւնը

Հաղորդած էինք, որ 5-21 օգոստոսին Պրազիլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիականը: Այս առնչութեամբ գումարած յատուկ ժողովի մը ընթացքին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, նախագահութեամբ` Ժան Համմամի, պաշտօնապէս հրապարակեց Պրազիլ մեկնող լիբանանեան պատուիրակութեան ցանկը, որ կ՛ընդգրկէ 26 անձ, հետեւեալ ձեւով. Պատասխանատու` 9, մարզիչներ` 8 եւ մարզիկներ` 9: Լիբանանցիք պիտի պայքարին 7 տեսակ մարզաձեւերու մէջ: Ստորեւ` լիբանանեան պատուիրակութիւնը. Մազեն Ռամատան (նախագահ), Սելիմ...

Թուր Տը Ֆրանս.  Ռուս Զաքարին Շահեցաւ 17-րդ Հանգրուանի Մրցումը

Թուր Տը Ֆրանս. Ռուս Զաքարին Շահեցաւ 17-րդ Հանգրուանի Մրցումը

Իլնուր Զաքարին Երէկ` չորեքշաբթի, 20 յուլիսին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին` Թուր տը Ֆրանսի 17-րդ հանգրուանի մրցումը` Պերնէն Էմոսոն (184,5 քմ): Անիկա աւարտեցաւ յաղթանակով ռուս Իլնուր Զաքարինի, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով` 4 ժամ 36' 33" արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց քոլոմպիացի Խարլինսոն Փանթանօ (4 ժամ 37' 28"), իսկ երրորդ դիրքը` լեհ Ռաֆալ Մաժքա (4 ժամ 37' 59"): Քրիս Ֆրում...

Փորթուգալի Մարզիչը Մինչեւ 2020 Պիտի Մնայ Իր Պաշտօնին Վրայ

Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Ֆերնանտօ Սանթոս մինչեւ 2020 պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ: Սանթոս, որ 2014-ին նշանակուեցաւ մարզիչ, այս ամիս իր կազմին հետ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` Ֆրանսայի մէջ:

Մխիթարեան. «Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք Տիտղոսին Տիրանալու Համար»

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի նորեկ մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այժմ իր ակումբին հետ կը գտնուի Չինաստան, «Միրըր»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Սքանչելի առիթ մըն է, Պորուսիա Տորթմունտէն ետք մաս կազմել Մանչեսթըր Եունայթըտին, որ կը նկատուի աշխարհի մեծագոյն ակումբներէն մէկը: Շատ ուրախ եմ անոր միանալուս համար: «Պիտի փորձեմ առաւելագոյնս ընել օգնելու անոր եւ յաղթանակներ արձանագրելու համար, կը պատրաստուինք...

Ներկայացուեցաւ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Նոր Մարզիչը

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնապէս ներկայացուց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին նոր մարզիչը` Ճիամփիերօ Վենթուրան, որ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆետերասիոնին տոմարներուն վրայ: «Երջանիկ կը զգամ, որովհետեւ ինծի վստահուեցաւ աշխարհի լաւագոյն ազգային խումբերէն մէկը: Բացի ատկէ, կ՛ուզեմ իմ շնորհակալութիւններս յայտնել նախկին մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէին, որ իմ մասիս ունեցաւ դրական եւ լաւ արտայայտութիւն», ըսաւ Վենթուրա, Sky Sports-ի հետ իր ունեցած կարճ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2016-2017 Տարեշրջան. ՀՄԸՄ-ի Առաջին Մրցակիցը` Սաժես

Այս շաբաթ իր գումարած հերթական ժողովին ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի երթի մրցումներուն յայտագիրը: Անոնք կը սկսին ուրբաթ, 9 սեպտեմբերին: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Ահտի դաշտին վրայ, շաբաթ, 10 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին` Սաժեսի դէմ: Երթին ՀՄԸՄ վեց մրցում ունի կատարելիք Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, 2 մրցում` Ահտի...

Page 1083 of 1276 1 … 1,082 1,083 1,084 … 1,276

Արխիւներ