Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ընդունեց Եւրոպայի պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած Հայաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականին անդամները` մարզիկներով, մարզիչներով եւ պատասխանատուներով:
Ան շնորհաւորեց հաւաքականին կատարած այս կարեւոր իրագործումը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ:
Հանդիպումին աւարտին պասքեթպոլի պատուիրակութիւնը Ծառուկեանին նուիրեց խորհրդանշական մետալը եւ խումբին անդամներուն ստորագրութիւնը կրող գնդակը:
Աւանդութեան համաձայն, ախոյեանութեան այդ տիտղոսը զետեղուեցաւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի թանգարանին մէջ: