«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ալաշկերտ – Տինամօ Թիֆլիս մրցումը:
Հիւր կազմը մրցումին 21-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կոլը, այսպիսով Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ վրացական խումբին առաւելութեամբ:
Սակայն Բ. կիսախաղին Նորայր Կէօզալեան նշանակեց Հայաստանի ախոյեանին հաւասարութեան կոլը (51-րդ):
Այդ կոլէն ետք այլ կոլեր չնշանակուեցան, եւ Ալաշկերտ դուրս մնաց մրցաշարքէն` չկարենալով անցնիլ Գ. հանգրուան, նկատի ունենալով, որ երթին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Վրաստանի մէջ:
Երէկուան այս մրցումին հայրենի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան դաշտ ներկայացուց հետեւեալ կազմը.
Գէորգ Գասպարով, Անդրանիկ Ոսկանեան, Ալեքսանտար Տասիչ, Կարէն Մուրատեան, Արտակ Դաշեան (Ռաֆայէլ Ղազարեան, 76-րդ), Իրաքլի Քվեքվեսքիրի, Արտակ Եդիգարեան, Վահագն Մինասեան, Արթուր Եդիգարեան (Սամուէլ Մելքոնեան, 65-րդ), Արտակ Գրիգորեան (Խորէն Վերանեան, 84-րդ) եւ Նորայր Կէօզալեան: