Պայէրն Միւնիխի նորեկ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Ռենաթօ Սանչես ընտրեց իր կրելիք շապիկին թիւը, որ պիտի ըլլայ 35:
Նշենք, որ 18 տարեկան Ռենաթօ, որ փոխան 35 միլիոն եւրոյի Պենֆիքայէն միացաւ Գերմանիոյ ախոյեանին, իր ակումբին` Պենֆիքայի հետ կը կրէր թիւ 85 շապիկը, իսկ ազգային խումբին հետ` թիւ 18: