Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ, «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, երբ իրարու դէմ ճակատեցան Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ եւ Անուար:
Անդրանիկ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը, երբ 57-48 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, նոյն վայրին մէջ, ժամը 20:30-ին:
Նշենք, որ աւարտականի այս ճակատումին երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրողը պիտի հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան:


