Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 14-րդ դիրքը գրաւող ֆրանսացի Ռիշար Կասքէ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն, յայտնեց lemonde.fr:
Ֆրանսայի թենիսի ֆետերասիոնը հաղորդեց, որ 30 տարեկան Կասքէի փոխարէն Պրազիլ պիտի մեկնի Պենուա Փեր, որուն համար «Ռիօ-2016»-ը պիտի ըլլայ ողիմպիականի առաջին մասնակցութիւնը:
Զոյգի խաղերուն Կասքէի փոխարէն Ճօ-Ուիլֆրետ Ցոնկայի հետ մրցումներուն պիտի մասնակցի Կայել Մոնֆիս: