Մարզական

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Հիանալի Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Իր 50-րդ Մենամարտին

"WBO"-ի վարկածով 2-րդ կէսմիջին կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 50-րդ մենամարտը` յաղթելով նորվեկիացի Թիմ-Ռոպին Լիհոկին: Թէեւ այս մենամարտին առաջին 4 ռաունտերը անցան հաւասար պայքարով, սակայն 5-րդ եւ 7-րդ ռաունտերուն, ինչպէս նաեւ 8-րդին, 23 տարեկան նորվեկիացին հետզհետէ սկսաւ չդիմանալ Աբրահամի հարուածներուն: 8-րդ ռաունտին Թիմ-Ռոպին իր մարզիչէն խնդրեց մենամարտը ընդհատել, եւ այսպիսով, 36 տարեկան Աբրահամ...

Մխիթարեան. «Կը Փորձենք Գործադրել Մուրինիոյի Ծրագիրները»

Մխիթարեան. «Կը Փորձենք Գործադրել Մուրինիոյի Ծրագիրները»

Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ուիկընի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին, որ աւարտեցաւ Մանչեսթըրի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Մրցումէն ետք Մխիթարեան ակումբին պաշտօնական կայքին հետ ունեցաւ հետեւեալ զրոյցը. «Սկզբնական շրջանին քիչ մը դժուար կ՛ըլլայ, որովհետեւ նոր կը ծանօթանաս խմբակիցներուդ: Ա. կիսախաղը քիչ մը դժուար եղաւ մեզի համար, որովհետեւ կոլ չկրցանք...

Կռփամարտ. Վիք Դարչինեան Պարտուեցաւ Նաք-Աութով

Արտեստավարժ կռփամարտիկ, երկրորդ թեթեւ կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Վիք Դարչինեան Միացեալ Նահանգներու Ալապամա նահանգի Պիրմինհեմ քաղաքին մէջ վարկանշային մրցում մը կատարեց 25 տարեկան մեքսիքացի Սերխիօ Ֆրիաս Կութիերեսի դէմ: Դարչինեան 2-րդ ռաունտին պարտուեցաւ` ենթարկուելով նաք-աութի: Նշենք, որ ասիկա արհեստավարժ ռինկին Դարչինեանի 52-րդ մենամարտն էր, որուն ընթացքին ան կրեց իր 9-րդ պարտութիւնը (5-ը` նաք-աութով):

Թրեզեկէ Եւ Մաթերացի Կը Միանան Լիբանան Ժամանող Ֆութպոլի «Աստղերու Խումբին»

Թրեզեկէ Եւ Մաթերացի Կը Միանան Լիբանան Ժամանող Ֆութպոլի «Աստղերու Խումբին»

Մարքօ Մաթերացի Տաւիտ Թրեզեկէ Հաղորդած էինք, որ 10 սեպտեմբեր 2016-ին, ժամը 20:30-ին Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի աննախընթաց մրցում մը, որուն ընթացքին լիբանանցի ֆութպոլի աստղեր, պիտի ճակատին միջազգային ֆութպոլիստներէ կազմուած «աստղերու խումբի» մը դէմ: Այս մրցումը կազմակերպուած է «Արապիքա Սփոր» ընկերութեան կողմէ: Նախորդ շաբաթավերջին ի յայտ եկաւ, որ այդ խումբին մաս պիտի կազմեն նաեւ ֆրանսացի Տաւիտ...

Տէր Զաքարեանի Խումբը Պիտի Մրցի Ռէալ Մատրիտի Դէմ

ArmSport.am կը յայտնէ, որ ֆրանսական Ռեմ ֆութպոլի խումբը, պիտի ըլլայ Ռէալ Մատրիտի մրցակիցը` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին: Տարեկան սովորութիւն դարձած այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 16 օգոստոսին: Նշենք, որ նախորդ մայիսին Ռեմի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Միշել Տէր Զաքարեան: Նախորդ տարի, այս մրցաշարքին աւարտականին, Ռէալ Մատրիտ յաղթեց Կալաթասարային:

Աղուան Պապիկեան` Տուպլէ Մը Իրագործեց

Լեհաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-64-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Պելխաթով 4-1 արդիւնքով յաղթեց Միետծ Լեկնիքա Բ. խումբին: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին ֆութպոլիստ Աղուան Պապիկեան իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ, երբ տուպլէ մը իրագործեց` 81-րդ եւ 90-րդ վայրկեաններուն: Այսպիսով Պելխաթով ապահովեց 1-32-րդ հանգրուանին իր տոմսը:

Թուր Տը Ֆրանս. Քոլոմպիացի Փանթանօ Շահեցաւ 15-րդ Հանգրուանի Մրցումը

Խարլինսօ Փանթանօ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին` Թուր տը ֆրանս-ին 15-րդ հանգրուանի մրցումին, երէկ առաջին հանդիսացաւ քոլոմպիացի Խարլինսոն Փանթանօ, որ Պուրկ ան Պրեսէն Քուլոզ ((160 քմ) արձանագրեց 4 ժամ 24' 29" արդիւնք մը: Նոյնքան արդիւնք արձանագրելով, անոր ետին ժամանման գիծ հասաւ նաեւ Ռաֆալ Մաժքա (Լեհաստան): Նշենք, որ անգլիացի Քրիս Ֆրում դեղին շապիկը կը շարունակէ իր մօտ պահել (68 ժամ 14' 36"): Այսօր...

Մարիօ Կէօթցէի Տորթմունտ Փոխանցումը Մօտալո՞ւտ

Պայէրն Միւնիխի թեքնիք տնօրէն Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ յայտարարեց, որ ակումբի միջնապահ Մարիօ Կէօթցէի փոխանցումը` Պորուսիա Տորթմունտ, գրեթէ իրականութիւն պիտի դառնայ, բայց պէտք է սպասել կարգ մը մանրամասնութիւններու, որոնք կը ճշդուին անոր գործակալին հետ: Նշենք, որ 24 տարեկան Կէօթցէ 2013-2014 տարեշրջանին սկիզբը Տորթմունտէն միացաւ Պայէրնի, փոխան` 37 միլիոն եւրոյի:

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Պարտութեամբ Սկսաւ Մրցաշարքը

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը պարտութեամբ սկսաւ Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը: Արդարեւ, Հայաստանի կազմը, որ կը մրցէր Անտորրայի տղոց խումբին դէմ, իր կատարած առաջին մրցումին 71-48 արդիւնքով զիջեցաւ իր մրցակիցին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անուար Եւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ Հասան Աւարտականին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Իրենց երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով` Անուար եւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ ապահովեցին աւարտականին իրենց տոմսը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր կատարած առաջին մրցումին, 58-53 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Անդրանիկէն, երէկ եւս նոյն խումբէն պարտութիւն մը կրեց` 53-44 արդիւնքով: Աւարտականի առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 18 յուլիսին:

Պետմինթըն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Ալճերիա

Արաբական պետմինթընի տղոց եւ աղջկանց երիտասարդական ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերելու համար լիբանանեան համապատասխան պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Ալճերիա: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 15-19 յուլիսին, մասնակցութեամբ` 80 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնեն Ալճերիան, Իրաքը, Յորդանանը, Պահրէյնը, Սուտանը, Մորիթանիան եւ Լիբանանը: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ` Ալի Քազմա, մարզիչն է` Մոհամետ Պէյրութի, իսկ մարզիկները` Ալֆրետ Ֆրանսիս, Սելիմ Շըմալի, Տենի Մուրթատա եւ Ռոզի Ռըզք:  

«Չեմփիընզ Լիկ». Գ. Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Երէկ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Գ. հանգրուան հասնելու պարագային Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ իրեն դէմ պիտի ունենայ Տինամօ (Խրուաթիա) - Վարտար (Մակեդոնիա) մրցումին յաղթողը: Նշենք, որ Աբրահամ Խաշմանեանի կազմը, քիչ մը դժուար, բայց ոչ անկարելի առաքելութիւն մը ունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ երթին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած է: Վարտարի դէմ...

Նանի Միացաւ Վալենսիայի

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ Նանի պայմանագրութիւն մը կնքեց սպանական Վալենսիա խումբին հետ: Այս լուրը փոխանցեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Այսպիսով, 29 տարեկան ֆութպոլիստը ելոյթ պիտի ունենայ Լա լիկայի մէջ, լքելէ ետք թրքական Ֆեներպահչէն:

Պասքեթպոլ. Փօ Կազոլ Միացաւ Սփըրզի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցող խումբերէն Սան Անթոնիօ Սփըրզ իր կազմին միացուց Փօ Կազոլը, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու: Նախորդ տարեշրջանին, ան Շիքակօ Պուլզի հետ, իւրաքանչիւր մրցումի համար միջին հաշուով նշանակեց 16,5 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 4,1 էսիսթ:  

Քլուիվերթ` Փարիզ Սեն Ժերմենի Թեքնիք Տնօրէն

Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յառաջապահ Փաթրիք Քլուիվերթ նշանակուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի թեքնիք տնօրէն: Այս մասին յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին պաշտօնական կայքը: «Ինծի համար մեծ պատիւ է, այս պաշտօնը ստանձնել Եւրոպայի ամէնէն մեծ եւ անուանի ակումբի մը հետ: Ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեմ այս առաքելութիւնս յաջողցնելու եւ Լիուլի կատարելու իմ պարտականութիւններս», ըսաւ 40 տարեկան հոլանտացին: Նախքան իր այս նոր պաշտօնի...

«Լա Լիկա»-ին Նոր Բաժակը

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ «Լա լիկա»-ին նախկին բաժակը, զոր կը ստանար երկրին ախոյեանը, փոխարինուեցաւ նորով մը, զոր պիտի ստանայ ախոյեանը` 2016-2017 տարեշրջանին աւարտին:  

Շըմայքըլ Կ՛անդրադառնայ Կիկզի Մանչեսթըր Եունայթըտէն Հեռանալուն Մասին

Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին բերդապահ Փիթըր Շմայքըլ անդրադառնալով Ռայըն Կիկզի Մանչեսթըր Եունայթտէն հեռանալուն մասին, ըսաւ. «Կիկզի հեռանալը Մանչեսթըր Եունայթըտի համար տխուր է, բայց լաւ` եթէ ան կ՛ուզէ օրին մէկը կրնայ վերադառնալ ակումբ` իբրեւ գլխաւոր մարզիչ: Փորձը եւ ինքնուրոյն աշխատանքը առանցքային գործօններ են երիտասարդ մարզիչներու համար եւ Կիկզ առիթը կ՛ունենայ այդ մէկը կատարելու: Նշենք, որ Կիկզ իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Մանչեսթըր...

Ֆլորենթինօ Փերես Մտադիր Է Աղջկանց Խումբ Ստեղծել

Ռէալ Մատրիտ, շատ հաւանաբար ունենայ իր աղջկանց սեփական խումբը, կը յայտնէ «AS» կայքը: Մատրիտեան ակումբին նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես, երկար ժամանակ հրաժարած է աղջկանց խումբ ստեղծելու գաղափարէն, սակայն ակումբին բազմահազար համակիրներուն խնդրանքով, ան ի վերջոյ որոշեց խումբ մը ստեղծել, որուն մասին, պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ մօտիկ ապագային: Ռէալ Մատրիտի մրցակիցը` Պարսելոնա, իր անունով աղջկանց ֆութպոլի խումբ ունի 1988-էն ի վեր:...

Հնդկաստանի Մէջ. Ռոնալտինիօ Պիտի Գանձէ Շուրջ 500 Հազար Ամերիկեան Տոլար

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին ֆութպոլիստ Ռոնալտինիօ շուրջ 500 հազար ամերիկեան տոլար պիտի գանձէ Հնդկաստանի մէջ, ֆութսալի ախոյեանութեան մասնակցելու համար, կը յայտնէ «ESPN»-ը: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 15-24 յուլիսին: Անոր պիտի մասնակցին նաեւ ֆութպոլի այլ աստղեր ալ, ինչպէս` Փոլ Սքոլզ, Հերնան Քրեսփօ, Ռայըն Կիկզ, Ֆալքաօ եւ ուրիշներ: Վերոնշեալները պիտի գանձեն 150-200 հազարական ամերիկեան տոլար:    

Ըստ Իտալական Մամուլին. Եուվենթուս 75 Միլիոն Եւրօ Առաջարկած Է Հիկուայինի Համար

Իտալական մամուլին համաձայն, Եուվենթուս մօտէն հետաքրքրուած է Նափոլիի յառաջապահ Կոնցալօ Հիկուայինի փոխանցումով եւ, ըստ Calciomercato.it կայքը, իտալական ակումբը արժանթինցի ֆութպոլիստին համար, պատրաստ է վճարել 75 միլիոն եւրօ: Այս փոխանցման մաս կը կազմէ նաեւ Եուվենթուսի միջնապահ Ռոպերթօ Փերէյրայի հակառակ ուղղութեամբ մեկնումը, փոխան` 12-18 միլիոն եւրոյի: Սակայն այնպէս կը թուի, թէ Նափոլիի իր 28 տարեկան յառաջապահին համար 94 միլիոն եւրոյէն նուազ գին...

Page 1085 of 1276 1 … 1,084 1,085 1,086 … 1,276

Արխիւներ