Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Եւրոպայի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով, իր ստացած նիւթական պարգեւը տրամադրած է բարեսիրական նպատակի:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ` «Manchester United Red Zone»-ը, «Ոսկեայ գնդակի» եռակի դափնեկիրը մանուկներու քաղցկեղի դէմ պայքարի հիմնադրամին փոխանցած է 275 հազար եւրօ:
Կը հաղորդուի, որ Ռէալ Մատրիտի հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին տիտղոսին տիրանալէն ետք եւս ան դիմած էր այդ նոյն քայլին: