Այսօր` երեքշաբթի, 19 յուլիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը կը վերսկսի իր փորձերուն` պատրաստուելու համար Ասիոյ-2019-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Լիբանանի մոնթենեկրոցի մարզիչը Միոտրակ Ռատոլովիչ, որ ազգային խումբ հրաւիրեց 25 մարզիկներ, նկատի առած է նաեւ նորեկ ֆութպոլիստներ, որպէսզի անոնցմէ լաւագոյնները ընտրէ:
Լիբանան ամէնօրեայ դրութեամբ իր փորձերը պիտի կատարէ ժամը 16:45-էն սկսեալ, Պիր Հասանի մարզահամալիրին մէջ:


