
Նափոլիի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Եուվենթուս մտադիր չէ արժանթինցի իր յառաջապահին` Կոնցալօ Հիկուայինի փոխանցման համար 94,7 միլիոն եւրօ վճարել:
Նշենք, որ նախապէս յայտարարուեցաւ, որ Եուվենթուս 4 տարուան պայմանագրի մը շուրջ համաձայնած է Հիկուայինի համար, փոխան` 7 միլիոն եւրոյի տարեկան աշխատավարձի: