«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 21 յուլիսին տեղի ունենալիք` «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի Սպարտակ Թրնավա – Շիրակ դարձի մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ Առնոլտ Հանթըր (Հիւսիսային Իրլանտա):
Բնականաբար, անոր օգնականները պիտի ըլլան անոր ազգակիցները:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:15-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով, կը յայտնէ ArmSport.am: