Մարզական

Ջուլֆալակեան Լքեց Պայքարը

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 75 քկ դասակարգի մրցումներուն, Արսէն Ջուլֆալակեան զրկուեցաւ պրոնզէ մետալի տիրանալու կարելիութենէն: Առաջին հանգրուանին հայ մարզիկին յաղթած պուլկարացի Տմիթրի Ալեքսանտրով քառորդ աւարտականին 4-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք հունգարացի Փեթար Պաքսիէն իր կարգին լքեց պայքարը: Ջուլֆալակեան պրոնզէ մետալի համար պայքարելու յոյս կ՛ունենար այն ժամանակ միայն, եթէ Ալեքսանտրով հասնէր աւարտականին:

Մաքսիմ Մանուկեան Չկրցաւ Պայքարիլ Պրոնզ Մետալին Համար

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մաքսիմ Մանուկեան 85 քկ դասակարգին մէջ իր մղած պայքարին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց հունգարացի Վիքթոր Լորինցէն: Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Մանուկեան առիթ մը ունէր պայքարելու համար պրոնզէ մետալին, այն պայմանով սակայն, որ հունգարացին հասնէր աւարտականին: Սակայն Լորինց կիսաւարտականին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Տաւիտ Չաքվետացէէն, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Մանուկեան պրոնզէ մետալին...

Աղասեան Գրաւեց 36-րդ Դիրքը

Ռիոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն երեք քայլ ոստումի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեւոն Աղասեան վերջնական դասաւորման մէջ գրաւեց 36-րդ դիրքը: Հայ մարզիկը արձանագրեց 15,54 մեթր արդիւնք մը: Լաւագոյն արդիւնքը արձանագրելով ողիմպիականի ախոյեան հանդիսացաւ ամերիկացի Թէյլըր Քրիսթիան (17, 24 մեթր):

Թենիսի Մրցումները Աւարտեցան. Պահրէյնի Առաջին Մետալը

Թենիսի Մրցումները Աւարտեցան. Պահրէյնի Առաջին Մետալը

Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերը կը շարունակուին բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառութեամբ, իրենց շուրջ համախմբելով միլիոնաւոր մարդիկ, եւ մարզիկներուն միջեւ տեղի կ՛ունենայ մարզական պայքար` իրենց երկրին համար ամէն գնով մետալ խլելու իմաստով: Էնտի Միւրէյ Տղոց թենիսի մրցաշարքի աւարտականին, անգլիացի Էնտի Միւրէյ 7-5, 4-6, 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթելէ ետք սպանացի Խուան Մարթին Տել Փոթրոյին, կրկնեց Լոնտոն-2012-ի իր յաջողութիւնը` դառնալով ողիմպիականի կրկնակի ախոյեան:...

Լիլիթ Յարութիւնեան Աւարտեց Իր Ելոյթը

Աղջկանց 400 մեթր վազքի արգելարշաւի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիլիթ Յարութիւնեան աւարտեց իր ելոյթը, երբ 1' 03" 13 արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց Գ. խմբակին 8-րդ եւ վերջին դիրքը: Ընդհանուր վերջնական դասաւորման մէջ ան գրաւեց 48-րդ դիրքը: Ան չկրցաւ ապահովել Բ. հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ միայն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երեք դիրքերը գրաւողները կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան:

Յարութիւն Մերտինեան Մետալի Չտիրացաւ

Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն մարմնամարզութեան (նժոյգի) մրցումներուն, Յարութիւն Մերտինեան աւարտեց իր ելոյթները եւ ստանալով 14.933 գնահատական գրաւեց 7-րդ դիրքը: Ողիմպիականի ախոյեան հանդիսացաւ անգլիացի Մեթց Ուիթլոկ (15.966):

Շոնայէ Միլըր Խորամանկութեամբ Ողիմպիականի Ախոյեան Հանդիսացաւ

Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին Շոնայէ Միլըր, որ պահամասցի սփրինթըր մըն է, խորամանկութեամբ հանդիսացաւ աղջկանց 400 մեթր վազքի ողիմպիականի ախոյեան: Արդարեւ, ան տեսնելով, որ ամերիկացի Էլիսըն Ֆելիքս իրմէ առաջ պիտի հասնի ժամանման գիծ, ինքզինք գետին նետեց եւ գերազանցելով իր մրցակիցը ինք եղաւ ոսկի մետալին տիրացողը:

Նախագահ Սարգսեան Ռիոյի Մէջ Տեսակցեցաւ Հայաստանը Ներկայացնող Մարզիկներուն Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Պրազիլ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի ընկերակցութեամբ, Ռիօ տը Ժանէյրոյի ողիմպիական աւանին մէջ տեսակցեցաւ 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներուն հետ: Հանրապետութեան նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ հայ մարզիկները պիտի ունենան յաջողութիւններ եւ յիշեցուց, որ այդ յաջողութիւնները նաեւ մեր ժողովուրդը աւելի ճանաչելի կը դարձնեն: Սարգսեան շեշտեց, որ հայ մարզիկները պիտի...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  «Փրեմիեր-Լիկ» (Անգլիա). Արսենալ-Լիվըրփուլ  Սքանչելի Մրցում, Ախոյեանը Պարտուեցաւ,  Մխիթարեան Մանչեսթըր  Եունայթըտի Հետ Յաղթանակով Սկսաւ

Եւրոպական Ֆութպոլ. «Փրեմիեր-Լիկ» (Անգլիա). Արսենալ-Լիվըրփուլ Սքանչելի Մրցում, Ախոյեանը Պարտուեցաւ, Մխիթարեան Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ Յաղթանակով Սկսաւ

Ճիշդ այս մրցումին պատճառով Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի ֆութպոլը աշխարհի ամէնէն հետաքրքրականներէն եւ հաճելիներէն մէկն է: Արսենալ-Լիվըրփուլ մրցումի 30-րդ վայրկեանին Արսենալ ձեռք ձգեց փենալթի մը: Ուալքոթ հարուածեց, սակայն Լիվըրփուլի բերդապահ Միկնոլեթ նետուեցաւ ճիշդ ուղղութեամբ եւ ափերով հեռացուց գնդակը: Սակայն միայն 68 երկվայրկեան ետք, նոյնինքն Ուալքոթ, որ յարաբերաբար դիւրին առիթը չէր կրցած կոլի վերածել, բաւական նեղ եւ դժուար անկիւնէ մը հարուածելով բացաւ...

Եանա Եգորեան` Կրկնակի Ախոյեան

Ռուսիոյ հաւաքականի կազմին մէջ հանդէս եկող Եանա Եգորեան նուաճեց երկրորդ ոսկի մետալը Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն: Սուսերամարտի մրցաշարքին մէջ  Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հաւաքականներուն միջեւ աւարտական մրցումը վերջ գտաւ 45-30 արդիւնքով` ի նպաստ Ռուսիոյ: 22-ամեայ Եանա Եգորեան Ռիոյի մէջ նաեւ  նուաճած էր անհատական ոսկի մետալը: 1993 թուականին Երեւան ծնած եւ 6 տարեկանին  ընտանիքին հետ Ռուսիա տեղափոխուած Եանա Եգորեան նաեւ 2015 թուականին աշխարհի...

Նարեկ Աբգարեան` Յաղթական

Բռնցքամարտի մրցաշարքին մէջ առաջին մենամարտին, Հայաստանի հաւաքականի ներկայացուցիչ, 24-ամեայ  Նարեկ Աբգարեան (52 քկ) յաղթեց Ուկանտայի ներկայացուցիչ, 31-ամեայ Ռոնալտ Սերուկոյի: Յաջորդ հանգրուանին Նարեկ Աբգարեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Չինաստանի ներկայացուցիչ  Եանկուան Հունը: Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ վաղը` 16 օգոստոսին: Նարեկ Աբգարեան Հայաստանի բազմակի ախոյեան է, 2008 թուականին պատանիներու Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր, 2012-ին` Եւրոպայի մինչեւ 22 տարեկաններու պրոնզէ մետալակիր, միջազգային մրցաշարքերու յաղթող, Պաքուի...

Ֆելփս Ասպարէզը Կ՛աւարտէ Իբրեւ Ողիմպիականի 23-Ակի Ախոյեան

  Ռիոյի մէջ 5-րդ ոսկի մետալը նուաճեց լողորդ Մայքլ Ֆելփս: 4 x 100 մրցումին մէջ Միացեալ Նահանգներու քառեակը, որուն մաս կը կազմէր Ֆելփս, ողիմպիական մրցանիշ սահմանեց (3 վայրկեան 27,95 երկվայրկեան): Եւ այսպէս, Մայքլ Ֆելփս իր 23-րդ ողիմպիական ոսկի մետալը կը նուաճէ (5-ը` Ռիօ-2016-ի ընթացքին): Ան նախապէս յայտարարած էր, որ ասիկա իր ասպարէզի վերջին մրցումն է եւ կ՛աւարտէ ասպարէզը: «Ճիշդ այսպէս...

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Յաղթական

Սինկֆիլտ բաժակի ճատրակի գերմրցաշարքի նախավերջին հանգրուանին Լեւոն Արոնեան  սպիտակներով մրցեցաւ ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի հետ եւ 87-րդ քայլին յաղթեց: Լեւոն Արոնեան 8 հնարաւորէն շահած է 4.5 կէտ եւ պուլկարացի Վեսելին Թոփալովի եւ հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի հետ կը գտնուի 2-4-րդ դիրքերուն վրայ: Առանձին յառաջատարն  է ամերիկացի Ուեսլին Սոն, որ նուաճած է 5 կէտ: Վերջին հանգրուանին Լեւոն Արոնեան սեւերով պիտի խաղայ Վեսելին Թոփալովի...

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

Պրեժնեւի Բացման Խօսքը Խորհրդային Միութեան առաջնորդներէն Լէոնիտ Պրեժնեւ, Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարի (պետութեան ղեկավարի) պաշտօնը վարած է 1964-1982: Պրեժնեւի մասին տարածուած բազմաթիւ մանրապատումներուն, ճոքերուն մէջ, ան կը ներկայացուի իբրեւ բթամիտ, տկար իմացականութիւն ունեցող անձ: 1980 թուականի ամառնային ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցան Ռուսիոյ մէջ: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան խօսք արտասանեց Պրեժնեւ: Նոյն օրն իսկ տարածուեցան ճոքեր, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորներէն է հետեւեալը. Պրեժնեւ...

Հայաստանի Պատուիրակութեան Վերջին Մասը Մեկնեցաւ Ռիօ Տը Ժանէյրօ

Երէկ` ուրբաթ, 12 օգոստոսին, Հայաստանի պատուիրակութեան վերջին մասը` յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը մեկնեցաւ Ռիօ տը Ժանէյրօ (Պրազիլ), Երեւան - Տոհա - Ռիօ տը Ժանէյրօ օդանաւով: Կազմին մէջ են` Արսէն Ջուլֆալակեան, Մաքսիմ Մանուկեան, Միհրան Յարութիւնեան եւ Արթուր Ալեքսանեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան, մարզիչներ Էդուարդ Սահակեան եւ Սամուէլ Գէորգեան, կը յայտնէ ArmSport.am

Սոնա Պօղոսեան Երրորդ` Բ. Խմբակին Մէջ

Սոնա Պօղոսեան աւարտեց իր ելոյթները Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն: Արդարեւ, աղջկանց ծանրաբարձութեան 75 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Պօղոսեան Բ. խմբակին մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը: Ան ընդամէնը բարձրացուց 223 քկ (97+126): Սոնա Պօղոսեանի վերջնական տեղը կը յստականայ Ա. խմբակի ելոյթներէն ետք:

Մոնիքա Վասիլեան Վնասուածքի Պատճառով Չմասնակցեցաւ Մրցումին

Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն աղջկանց լողարշաւի 50 մեթր ազատ ոճի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել Հայաստանի ներկայացուցիչը` Մոնիքա Վասիլեան: 20 տարեկան հայ լողորդը, որ ընդգրկուած էր զտումի հանգրուանի 5-րդ խմբակին մէջ, մրցումներէն առաջ իր ձեռքին ստացած վնասուածքին պատճառով չկրցաւ ելոյթ ունենալ, կը յայտնէ ArmSport.am:

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Խումբին Խմբապետը Վերադարձաւ Իր Երկիրը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ խմբապետ Լէոն Կորեթցքա Պրազիլէն վերադարձաւ իր երկիրը` նկատի ունենալով, որ ան Մեքսիքայի դէմ տեղի ունեցած Ռիօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին բացման մրցումին վիրաւորեց իր ուսը: 21 տարեկան բերդապահը մաս կը կազմէ Շալքէի: Գերմանիա, որ իր կատարած վերջին մրցումին 10-0 արդիւնքով ջախջախեց ֆիճին, շաբաթավերջին քառորդ աւարտականի ծիրին մէջ Պրազիլիայի մէջ կը մրցի Փորթուգալի դէմ:

Հայ Մարզիկը Պրոնզէ Մետալի Տիրացաւ Ռուսիոյ Կազմին Հետ

Ռուսիոյ հրացանաձգութեան հաւաքականի անդամ Կիրիլ Գրիգորեան հանդիսացաւ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր: 50 մեթր հրացանի մրցումներուն, ան ապահովելով 187,3 կէտ, գրաւեց 3-րդ դիրք: Նշենք, որ Ռուսիոյ համար ոսկի մետալ ապահովեց սուսերամարտիկ Եանա Եգորեան, իսկ մարմնամարզիկ Սեդա Թութխալեան դարձաւ արծաթէ մետալակիր:    

Ֆիճիի Ողիմպիական Առաջին Ոսկի Մետալը

Երէկ, Ռակպի-7-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի ունեցաւ Ֆիճի - Անգլիա աւարտական մրցումը: Ֆիճի 20-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ողիմպիականի պատմութեան մէջ տիրացաւ իր առաջին ոսկի մետալին:

Page 1075 of 1276 1 … 1,074 1,075 1,076 … 1,276

Արխիւներ