Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերը կը շարունակուին բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառութեամբ, իրենց շուրջ համախմբելով միլիոնաւոր մարդիկ, եւ մարզիկներուն միջեւ տեղի կ՛ունենայ մարզական պայքար` իրենց երկրին համար ամէն գնով մետալ խլելու իմաստով:
Տղոց թենիսի մրցաշարքի աւարտականին, անգլիացի Էնտի Միւրէյ 7-5, 4-6, 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթելէ ետք սպանացի Խուան Մարթին Տել Փոթրոյին, կրկնեց Լոնտոն-2012-ի իր յաջողութիւնը` դառնալով ողիմպիականի կրկնակի ախոյեան:
Այս մրցումը տեւեց 4 ժամ եւ 4 վայրկեան:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց թենիսի մրցաշարքին, տիտղոսակիր հանդիսացաւ Մոնիքա Փուիք (Փորթօ Ռիքօ), որ աւարտականին յաղթեց գերմանացի Անճելիք Քերպըրին` 6-4, 4-6 եւ 6-1 արդիւնքով:
Տղոց պասքեթպոլի քառորդ աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը յստակացաւ, երբ աւարտեցան փլէյ-օֆի մրցումները:
Միացեալ Նահանգներ, որոնք գրաւեցին Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը, ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսը, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի եւ Սերպիոյ հետ:
Իսկ Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Խրուաթիոյ հետ քառորդ աւարտական հասան Սպանիա, Լիթուանիա եւ Արժանթին:
Քառորդ աւարտականի մրցումները պիտի ընթանան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
Աւստրալիա – Լիթուանիա
Խրուաթիա – Սերպիա
Սպանիա – Ֆրանսա
Միացեալ Նահանգներ – Արժանթին
Պահրէյն տիրացաւ իր պատմութեան մէջ ողիմպիականի առաջին ոսկի մետալին, երբ աղջկանց 3000 մեթր վազքի արգելարշաւի մրցումներուն, Ռութ Չեմփեթ արձանագրեց 8 վայրկեան 59″ 75 արդիւնք մը: