Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ խմբապետ Լէոն Կորեթցքա Պրազիլէն վերադարձաւ իր երկիրը` նկատի ունենալով, որ ան Մեքսիքայի դէմ տեղի ունեցած Ռիօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին բացման մրցումին վիրաւորեց իր ուսը:
21 տարեկան բերդապահը մաս կը կազմէ Շալքէի:
Գերմանիա, որ իր կատարած վերջին մրցումին 10-0 արդիւնքով ջախջախեց ֆիճին, շաբաթավերջին քառորդ աւարտականի ծիրին մէջ Պրազիլիայի մէջ կը մրցի Փորթուգալի դէմ: