Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին Շոնայէ Միլըր, որ պահամասցի սփրինթըր մըն է, խորամանկութեամբ հանդիսացաւ աղջկանց 400 մեթր վազքի ողիմպիականի ախոյեան:
Արդարեւ, ան տեսնելով, որ ամերիկացի Էլիսըն Ֆելիքս իրմէ առաջ պիտի հասնի ժամանման գիծ, ինքզինք գետին նետեց եւ գերազանցելով իր մրցակիցը ինք եղաւ ոսկի մետալին տիրացողը: