Աշխատանքային այցելութեամբ Պրազիլ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի ընկերակցութեամբ, Ռիօ տը Ժանէյրոյի ողիմպիական աւանին մէջ տեսակցեցաւ 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներուն հետ:
Հանրապետութեան նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ հայ մարզիկները պիտի ունենան յաջողութիւններ եւ յիշեցուց, որ այդ յաջողութիւնները նաեւ մեր ժողովուրդը աւելի ճանաչելի կը դարձնեն: Սարգսեան շեշտեց, որ հայ մարզիկները պիտի մրցին այլ` աւելի մեծ ազգերու ընտրեալներուն հետ, որոնք իրենց երկիրներուն մէջ հազարաւոր մրցակիցներ ունին, եւ այդ հանգամանքէն մեկնելով է, որ հայ մարզիկին նուաճումը աւելի պիտի արժեւորուի:
«Ձեր համակիրները շատ են, բայց ձեր առաջին համակիրը, առաջին աջակցողները Հայաստանի քաղաքացիներն են, ձեր մարզիչներն են, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն է: Դուք ինձմէ շատ լաւ գիտէք` պէտք չէ պրկուիլ: Մարմնամարզը այնպիսի բան է, որ միշտ կրնայ ըլլալ յաջողութիւն եւ անյաջողութիւն` կարեւորը այն է, որ դուք կարենաք ամբողջովին դրսեւորուիլ», ըսաւ նախագահը: