Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. «Փրեմիեր-Լիկ» (Անգլիա). Արսենալ-Լիվըրփուլ Սքանչելի Մրցում, Ախոյեանը Պարտուեցաւ, Մխիթարեան Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ Յաղթանակով Սկսաւ

August 15, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Football_81416

Ճիշդ այս մրցումին պատճառով Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի ֆութպոլը աշխարհի ամէնէն հետաքրքրականներէն եւ հաճելիներէն մէկն է: Արսենալ-Լիվըրփուլ մրցումի 30-րդ վայրկեանին Արսենալ ձեռք ձգեց փենալթի մը: Ուալքոթ հարուածեց, սակայն Լիվըրփուլի բերդապահ Միկնոլեթ նետուեցաւ ճիշդ ուղղութեամբ եւ ափերով հեռացուց գնդակը: Սակայն միայն 68 երկվայրկեան ետք, նոյնինքն Ուալքոթ, որ յարաբերաբար դիւրին առիթը չէր կրցած կոլի վերածել, բաւական նեղ եւ դժուար անկիւնէ մը հարուածելով բացաւ մրցումին հաշիւը: Երբ կ՛ենթադրուէր, թէ առաջին կիսախաղը վերջ պիտի գտնէ 1-0 արդիւնքով ի նպաստ Արսենալի, Լիվըրփուլ ձեռք ձգեց ազատ հարուածի իրաւունք մը Արսենալի բերդէն շուրջ 25 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Պրազիլցի Քութինիօ հարուածեց, գնդակը դառնալով Արսենալի մարզիկներու կազմած «պատին» վրայէն, գամուեցաւ Արսենալի բերդին մէջ, վերի անկիւնը: Բացառիկ կոլ մը: Երկրորդ կիսախաղը արդէն այժմ արձանագրուած է ֆութպոլի ոսկեմատեանին մէջ, որ պէտք է բանալ եւ վայելել…

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը սկսաւ շաբաթ, 13 օգոստոսին` բարձրագոյն դասակարգ նոր վերադարձած Հալ Սիթիի եւ ախոյեան Լայսթըր Սիթիի միջեւ բացման մրցումով, որ վերջ գտաւ 2-1 արդիւնքով ի նպաստ Հալ Սիթիի: «Փրեմիեր-լիկ»-ի պատմութեան ընթացքին (1992 թուականէն) առաջին անգամ գործող ախոյեանը առաջին հանգրուանին պարտութիւն կրեց: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւններու ընդհանուր պատմութեան ընթացքին վերջին անգամ նման դէպք արձանագրուած էր 1989 թուականին, երբ Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-4 արդիւնքով ջախջախած էր ախոյեան Արսենալը, այս վերջինին դաշտին վրայ:

Henrikh_81416

Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, «Փրեմիեր-լիկ»-ի իր առաջին մրցումը սկսաւ յաղթանակով` Պուրնըմաութ – Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումի 76-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայանալով: Մանչեսթըր Եունայթըտի կոլերը նշանակեցին Մաթա` 40-րդ, Ռունի` 59-րդ եւ Իպրահիմովիչ` 64-րդ վայրկեաններուն: Փարիզ Սեն Ժերմենէն անցեալ ամիս Մանչեսթըր Եունայթըտի միացած Իպրահիմովիչ` չորս երկիրներու (Իտալիա, Սպանիա, Ֆրանսա եւ Անգլիա) ախոյեանութեանց առաջին հանգրուանի մրցումներուն  կոլ նշանակած է:

Մանչեսթըր Սիթի հիւրընկալեց Սանտըրլենտը, որուն մարզիկները բաւական փափկանկատ հիւրեր եղան` նախ  փենալթի մը շնորհելով, ապա իրենք իրենց բերդին մէջ գնդակը «սահեցնելով»:

Ա. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

Հալ Սիթի – Լայսթըր Սիթի2-1
Պըրնլի – Սուանզի Սիթի0-1
Քրիսթալ Փալաս – Ուեսթ Պրոմուիչ0-1
Էվըրթըն – Թոթենհամ1-1
Միտըլզպորօ – Սթոք Սիթի1-1
Սաութհեմփթըն – Ուաթֆորտ1-1
Մանչեսթըր Սիթի – Սանտըրլենտ2-1
Պուրնըմաութ – Մանչեսթըր Եունայթըտ1-3
Արսենալ – Լիվըրփուլ3-4
ԱՅՍՕՐ        
Չելսի – Ուեսթ Համ22:00

«Լա Լիկա» (Ֆրանսա).
Առաջին Դասակարգ Նոր Բարձրացած Մեց Յաղթեց Լիլի

France_81416

Ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն (այս եղանակին առանց Իպրահիմովիչի եւ Ռոլան Պլանի) յաղթանակով սկսաւ մրցաշրջանը: Նախքան Նիս-Ռենն մրցումը, յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ քաղաքին մէջ ահաբեկչութեան պատճառով ինկած զոհերու յիշատակին:

Ա. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

Պասթիա – Փարիզ Սեն Ժերմեն0-1
Մոնաքօ – Կենկան2-2
Պորտօ – Սենթ Էթիեն3-2
Քան – Լորիան3-2
Տիոն – Նանթ0-1
Մոնփելիէ – Անժէ1-0
Մեց – Լիլ3-2
Նանսի – Լիոն0-3
Նիս – Ռենն1-0
Մարսէյ – Թուլուզ0-0
Նախորդը

Եանա Եգորեան` Կրկնակի Ախոյեան

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ռիոյի Մէջ Տեսակցեցաւ Հայաստանը Ներկայացնող Մարզիկներուն Հետ

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

January 15, 2026
Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի
Մարզական

Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի

January 15, 2026
Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց
Մարզական

Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.