Սոնա Պօղոսեան աւարտեց իր ելոյթները Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն:
Արդարեւ, աղջկանց ծանրաբարձութեան 75 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Պօղոսեան Բ. խմբակին մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:
Ան ընդամէնը բարձրացուց 223 քկ (97+126):
Սոնա Պօղոսեանի վերջնական տեղը կը յստականայ Ա. խմբակի ելոյթներէն ետք: