Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն աղջկանց լողարշաւի 50 մեթր ազատ ոճի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել Հայաստանի ներկայացուցիչը` Մոնիքա Վասիլեան:
20 տարեկան հայ լողորդը, որ ընդգրկուած էր զտումի հանգրուանի 5-րդ խմբակին մէջ, մրցումներէն առաջ իր ձեռքին ստացած վնասուածքին պատճառով չկրցաւ ելոյթ ունենալ, կը յայտնէ ArmSport.am: