Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 75 քկ դասակարգի մրցումներուն, Արսէն Ջուլֆալակեան զրկուեցաւ պրոնզէ մետալի տիրանալու կարելիութենէն:
Առաջին հանգրուանին հայ մարզիկին յաղթած պուլկարացի Տմիթրի Ալեքսանտրով քառորդ աւարտականին 4-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք հունգարացի Փեթար Պաքսիէն իր կարգին լքեց պայքարը:
Ջուլֆալակեան պրոնզէ մետալի համար պայքարելու յոյս կ՛ունենար այն ժամանակ միայն, եթէ Ալեքսանտրով հասնէր աւարտականին: