Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մաքսիմ Մանուկեան 85 քկ դասակարգին մէջ իր մղած պայքարին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց հունգարացի Վիքթոր Լորինցէն:
Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Մանուկեան առիթ մը ունէր պայքարելու համար պրոնզէ մետալին, այն պայմանով սակայն, որ հունգարացին հասնէր աւարտականին:
Սակայն Լորինց կիսաւարտականին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Տաւիտ Չաքվետացէէն, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Մանուկեան պրոնզէ մետալին համար պայքար չկարենայ մղել: