Երէկ` ուրբաթ, 12 օգոստոսին, Հայաստանի պատուիրակութեան վերջին մասը` յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը մեկնեցաւ Ռիօ տը Ժանէյրօ (Պրազիլ), Երեւան – Տոհա – Ռիօ տը Ժանէյրօ օդանաւով:
Կազմին մէջ են` Արսէն Ջուլֆալակեան, Մաքսիմ Մանուկեան, Միհրան Յարութիւնեան եւ Արթուր Ալեքսանեան:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան, մարզիչներ Էդուարդ Սահակեան եւ Սամուէլ Գէորգեան, կը յայտնէ ArmSport.am