Մարզական

Հայկական Մարզաշխարհ. Գանձասար – Կապան Այսուհետեւ Իր Փորձերը Պիտի Կատարէ Միքա Մարզահամալիրին Մէջ

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Գանձասար - Կապան այսուհետեւ իր փորձերը պիտի կատարէ Միքա մարզահամալիրին մէջ: Նշենք, որ մինչ այդ Գանձասար - Կապան իր փորձերը կը կատարէր Աշտարակի «Քասախի մարզիկ» մարզադաշտին մէջ: Նշենք, որ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Գանձասար - Կապանի մրցակիցն է Փիւնիկ Երեւան:

Խըրխըզիստանցի Ծանրաբարձը Զրկուեցաւ Պրոնզ Մետալէն

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն ընթացքին խթանիչ դեղերու օգտագործման պարագայ մը բացայայտուեցաւ երէկ: Արդարեւ, տղոց ծանրաբարձութեան մրցումներուն (69 քկ) պրոնզէ մետալակիր Իզզաթ Արթիքով (Խըրխըզիստան) զրկուեցաւ իր շահած մետալէն: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն անոր մօտ յայտնաբերեց խթանիչ դեղերու գործածութեան պարագայ` կատարուած քննութիւններէն ետք: Իր կարգին, ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը ("IWF") հաստատեց անոր դէմ սահմանուած վճիռը: Նշենք, որ այժմ պրոնզ մետալը...

Սպանիոյ Պասքեթպոլի Աղջկանց Կազմը Հասաւ Աւարտականին

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող աղջկանց պասքեթպոլի կիսաւարտականի առաջին ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Սպանիան եւ Սերպիան, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 68-54 արդիւնքով (20-9, 13-19, 20-10 եւ 15-16): Այսպիսով, Սպանիա աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Ֆրանսա - Միացեալ Նահանգներ մրցումին յաղթականը:

Ռիօ-2016.  Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Հրապարակեց Պրազիլ Մեկնող Պատուիրակութիւնը

Սպանիա – Միացեալ Նահանգներ Եւ Աւստրալիա – Սերպիա Կիսաւարտականի Ճակատումները

Ողիմպիական խաղերուն տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը արդէն իսկ թեւակոխեց կիսաւարտական հանգրուան, երբ տեղի ունեցան քառորդ աւարտականի ճակատումները: Անոնք տուին հետեւեալ արդիւնքները. Միացեալ Նահանգներ - Արժանթին 105-78 Խրուաթիա - Սերպիա 83-86 Սպանիա - Ֆրանսա 92-67 Աւստրալիա - Լիթուանիա 90-64 Ստորեւ` կիսաւարտականի ճակատումներուն յայտագիրը. Սպանիա - Միացեալ Նահանգներ Աւստրալիա - Սերպիա

Ռուսական Ֆութպոլ. Քորեանի Տուպլէն Յաղթանակ Մը Ապահովեց Էներկիայի

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Էներկիա 3-2 արդիւնքով յաղթեց Սոքոլի: Էներկիայի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ռուսլան Քորեան, որ դաշտ ներկայացաւ 53-րդ վայրկեանին: Քորեան իր այս տուպլէն իրագործեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ եւ 94-րդ), երբ անոր կազմը 2-1 արդիւնքով ետ կը մնար:

Սպանական Ֆութպոլ. Պարսելոնա` Տիտղոսակիր

Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի դարձի մրցումին, Պարսելոնա 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սեւիլլայի, տիրացաւ տիտղոսին: Նշենք, որ բաժակի այս մրցաշարքը նոր տարեշրջանին վարագոյրը կը բանայ: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Արտա Թուրան (2 կոլ) եւ Լիոնել Մեսսի: Նշենք, որ երթի մրցումին եւս Պարսելոնա յաղթանակ մը արձանագրած էր:

Գերմանական Ֆութպոլ. Մարիօ Կոմեզ Վերադարձաւ «Պունտըսլիկա»

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ֆիորենթինայի յառաջապահ Մարիօ Կոմեզ վերադարձաւ «Պունտըսլիկա» եւ միացաւ Վոլֆսպուրկի: 31 տարեկան Կոմեզ իր նոր կազմին հետ պիտի կրէ թիւ 33 մարզաշապիկը: Նախորդ տարեշրջանին ան փոխ տրուած էր Պեշիքթաշի, ուր նշանակելով 27 կոլ դարձած էր Թուրքիոյ կոլսքորըրը: Կոմեզ, որ «Պունտըսլիկա»-էն հեռացած էր 2013-ին, նախապէս մաս կազմած է Շթութկարթի եւ Պայէրն Միւնիխի:

Ռիօ-2016.  Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Հրապարակեց Պրազիլ Մեկնող Պատուիրակութիւնը

Ռիօ-2016. Հայաստան Տիրացաւ Իր Չորրորդ Մետալին

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող 2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն, Հայաստան տիրացաւ իր չորրորդ մետալին, երբ ծանրաբարձութեան մրցումներուն Գոռ Մինասեան շահեցաւ արծաթ մետալ մը: Այսպիսով, Հայաստան ցարդ շահած է 1 ոսկի եւ 3 արծաթ մետալներ:

Ալեքսանեան. «Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Սահմանը Պահպանող Հայ Զինուորին Եւ Բոլոր Զոհերուն Յիշատակին»

Ողիմպիականի նորընծայ ախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ` Արթուր Ալեքսանեան յայտարարեց, որ իր արձանագրած այս յաղթանակը կը նուիրէ հայրենիքի հողն ու սահմանները պաշտպանող հայ սահմանապահ բոլոր զինուորներուն եւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհ գացած բոլոր զոհուածներուն յիշատակին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Արդէն բոլորդ ալ տեսաք, թէ ինչքա՛ն ուժասպառ էի աւարտականի այդ ճակատումին: Ամէնէն կարեւորը սակայն եղաւ այն, որ գօտեմարտի ընթացքին ինքզինքս չկորսնցուցի:...

Գոռ Մինասեան` Արծաթէ Մետալակիր

Գոռ Մինասեան` Արծաթէ Մետալակիր

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ իր երրորդ արծաթ մետալին: Ծանրաբարձութեան գերծանր դասակարգին (105 քկ եւ վեր) մէջ Գոռ Մինասեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 451 քկ արդիւնք մը, հանդիսացաւ արծաթէ մետալակիր: Ան նախ եւ առաջ երեք անգամ բարձրացուց ծանրաձողը, այդ երեք անգամներէն ամէնէն ծանրը 210 քկ էր: Իսկ յաջորդ հանգրուանին ան յաջողեցաւ բարձրացնել 241 քկ: Հայրենի...

Ճէյսըն Քենիի 3-րդ Ոսկի Մետալը. Պրազիլ – Գերմանիա Տղոց Ֆութպոլի Աւարտական

Ճէյսըն Քենիի 3-րդ Ոսկի Մետալը. Պրազիլ – Գերմանիա Տղոց Ֆութպոլի Աւարտական

Նէյմար (աջին) Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիականի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականին մնացած է միայն մէկ մրցում` նկատի ունենալով, որ անոր յաղթականը պիտի ըլլայ տիտղոսակիր: Տղոց ֆութպոլի մրցաշարքին կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պրազիլ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Հոնտիւրասը: Ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ ամէնէն արագ կոլին հեղինակը հանդիսացաւ Նէյմար, որ 14-րդ երկվայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը:...

Ամալիա Շառոյեան Հանդիսացաւ 35-րդ

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն մարմնամարզի մրցումներուն ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ամալիա Շառոյեան: Երեք քայլ ոստումի մրցումներուն, ան ցատկելով 5,95 մեթր, 38 ներկայացուցիչներուն մէջ գրաւեց 35-րդ դիրքը: Լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց Սերպիան ներկայացնող Իվանա Սփանովիչ: Բնականաբար Շառոյեան դուրս մնաց խաղերէն, որովհետեւ յաջորդ հանգրուան հասան առաջինէն 11-րդ դիրքերը գրաւողները:

Հայրենի Մարզաշխարհ. Նորայր Արսլանեան Տեղափոխուեցաւ Հոլանտա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Նորայր Արսլանեան պաշտօնապէս տեղափոխուեցաւ հոլանտական Թելսթարա ակումբ, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան: Թելսթարա արդէն իսկ սկսաւ նոր տարեշրջանին եւ Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին պարտութիւն կրեց: Նշենք, որ 25 տարեկան Արսլանեան նախորդ տարեշրջանին աւարտէն անմիջապէս ետք լքեց Ալմեր Սիթին եւ ամբողջ ամրան ընթացքին կը փորձէր ապաքինիլ իր ստացած վնասուածքէն:

Հայաստան` 36-րդ Դիրքին Վրայ. Միացեալ Նահանգներ` Առաջին

Ռիօ տը Ժանէյրոյի ամառնային ողիմպիական երէկուան մրցումներէն ետք, Հայաստան չորսի բարձրացնելով իր շահած մետալներուն ընդհանուր հաշիւը, այժմ կը գրաւէ դասաւորման 36-րդ դիրքը: Միացեալ Նահանգներ, որոնք տիրացած են ընդամէնը 86 մետալի, կը գրաւեն պարագլուխի դիրքը` իրենց ետին ձգելով Անգլիան (50 մետալ) եւ Չինաստանը (52): Ստորեւ` մետալներուն ընդհանուր դասաւորման պատկերը.   ՈՍԿԻ ԱՐԾԱԹ ՊՐՈՆԶ ԳՈՒՄԱՐ 1.- Միացեալ Նահանգներ 28 30 28 86...

Պասքեթպոլ. Լեպրըն Ճէյմս Կը Մնայ Քլիվլենտի Հետ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Քլիվլենտ Քաւալիրզին մաս կազմող Լեպրըն Ճէյմս յայտարարեց, որ իր ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւն մը կնքած է: Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի փոխանցած տեղեկութեան, 31 տարեկան ամերիկացին 3 տարուան նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց` փոխան 100 միլիոն ամերիկեան տոլարի: «Էն. Պի. Էյ.»-ի 2005-2006 տարեշրջանի մրցաշարքին աւարտին Քլիվլենտ հանդիսացաւ ախոյեան, մինչ Ճէյմս Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ տեղի ունեցած աւարտական...

Միջազգային Ֆութպոլ. Չերչեսով Նշանակուեցաւ Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջազգային բերդապահ Սթանիսլաւ Չերչեսով նշանակուեցաւ երկրի ազգային խումբի մարզիչ` մինչեւ 1 օգոստոս 2018 պայմանագրութիւն մը ստորագրելով Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: 52 տարեկան Չերչեսով պիտի փորձէ լաւ կազմ մը պատրաստել` նկատի ունենալով, որ իր երկիրը 2018-ի Մոնտիալը պիտի հիւրընկալէ:

Սպանական Ֆութպոլ. Էսքրիպա Փոխարինեց Մարսելինոն

  Սպանական Վիարէալ ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ պաշտօնանկ եղած մարզիչ Մարսելինոյի փոխարէն ակումբին նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Ֆրան Էսքրիպան: 51 տարեկան Էսքրիպա, որ նախորդ ապրիլին Կեթաֆէի կողմէ պաշտօնանկ եղաւ, նախապէս Վալենսիայի, Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Պենֆիքայի օգնական մարզիչը եղած է: «Լա լիկա»-ի նոր տարեշրջանին գծով Վիարէալի առաջին մրցումը պիտի ըլլայ Կրանատայի դէմ (20 օգոստոսին):

Ռիօ-2016.  Արթուր Ալեքսանեան` Ոսկի Մետալակիր. Սիմոն Մարտիրոսեան Հայաստանի  Ապահովեց Առաջին Մետալը

Ռիօ-2016. Արթուր Ալեքսանեան` Ոսկի Մետալակիր. Սիմոն Մարտիրոսեան Հայաստանի Ապահովեց Առաջին Մետալը

Արթուր Ալեքսանեան պարգեւատրման ընթացքին, հագած` ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներէն Ռոպերթ Ապաճեանի նկարով շապիկը: Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող Ռիօ-2016-ի ամառնային 31-րդ ողիմպիականի խաղերուն 10-րդ օրը, ի վերջոյ Հայաստան տիրացաւ իր առաջին մետալին, այդ ալ շնորհիւ Սիմոն Մարտիրոսեանի, որ ծանրաբարձութեան 105 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալին: Ապա Հայաստանի համար երկրորդ արծաթ մետալը ապահովեց յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան (66 քկ): Սակայն,...

Սիմոն Մարտիրոսեան` Արծաթէ Մետալակիր

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սիմոն Մարտիրոսեան, ի վերջոյ մետալ մը ապահովեց հայրենիքին, երբ տղոց ծանրաբարձութեան մրցումներուն 105 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ երկրորդ` տիրանալով արծաթ մետալին: Երիտասարդ մարզիկը բաւական պատուախնդիր ելոյթ ունեցաւ` պայքար մղելով իրմէ շատ աւելի զօրաւոր մրցակիցներու դէմ, կը յայտնէ ArmSport.am: 19 տարեկան Մարտիրոսեան տիրանալով արծաթ մետալին դարձաւ ողիմպիական այս խաղերուն...

Միհրան Յարութիւնեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին, Բայց Պարտուեցաւ Աւարտականին

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի 66 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող հայրենի ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան ճակատեցաւ ազրպէյճանցի Ռասուլ Չունայեւի դէմ: Յարութիւնեան առաջին հանգրուանին փայլուն յաղթանակ արձանագրելով 4-0 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը: Երկրորդին, թէեւ ազրպէյճանցի ըմբիշը հաւասարեցուց արդիւնքը, սակայն երրորդ եւ վճռորոշ հանգրուանին հայրենի ըմբիշը 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով դուրս ձգեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցը եւ հասաւ աւարտականին: Նշենք,...

Page 1074 of 1276 1 … 1,073 1,074 1,075 … 1,276

Արխիւներ