
Սինկֆիլտ բաժակի ճատրակի գերմրցաշարքի նախավերջին հանգրուանին Լեւոն Արոնեան սպիտակներով մրցեցաւ ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի հետ եւ 87-րդ քայլին յաղթեց:
Լեւոն Արոնեան 8 հնարաւորէն շահած է 4.5 կէտ եւ պուլկարացի Վեսելին Թոփալովի եւ հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի հետ կը գտնուի 2-4-րդ դիրքերուն վրայ: Առանձին յառաջատարն է ամերիկացի Ուեսլին Սոն, որ նուաճած է 5 կէտ: Վերջին հանգրուանին Լեւոն Արոնեան սեւերով պիտի խաղայ Վեսելին Թոփալովի հետ:


