Ռիոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն երեք քայլ ոստումի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեւոն Աղասեան վերջնական դասաւորման մէջ գրաւեց 36-րդ դիրքը:
Հայ մարզիկը արձանագրեց 15,54 մեթր արդիւնք մը:
Լաւագոյն արդիւնքը արձանագրելով ողիմպիականի ախոյեան հանդիսացաւ ամերիկացի Թէյլըր Քրիսթիան (17, 24 մեթր):