Աղջկանց 400 մեթր վազքի արգելարշաւի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիլիթ Յարութիւնեան աւարտեց իր ելոյթը, երբ 1′ 03″ 13 արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց Գ. խմբակին 8-րդ եւ վերջին դիրքը:
Ընդհանուր վերջնական դասաւորման մէջ ան գրաւեց 48-րդ դիրքը:
Ան չկրցաւ ապահովել Բ. հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ միայն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երեք դիրքերը գրաւողները կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան: