
Ռիոյի մէջ 5-րդ ոսկի մետալը նուաճեց լողորդ Մայքլ Ֆելփս: 4 x 100 մրցումին մէջ Միացեալ Նահանգներու քառեակը, որուն մաս կը կազմէր Ֆելփս, ողիմպիական մրցանիշ սահմանեց (3 վայրկեան 27,95 երկվայրկեան):
Եւ այսպէս, Մայքլ Ֆելփս իր 23-րդ ողիմպիական ոսկի մետալը կը նուաճէ (5-ը` Ռիօ-2016-ի ընթացքին):
Ան նախապէս յայտարարած էր, որ ասիկա իր ասպարէզի վերջին մրցումն է եւ կ՛աւարտէ ասպարէզը:
«Ճիշդ այսպէս կ՛ուզէի աւարտել ասպարէզս: Այժմ զիս կը խեղդեն յոյզերը: Հրաշալի է, որ վերջին մրցումս յաղթական էր: Չեմ կրնար ըսել, թէ ո՛րն է ամէնէն իւրայատուկ մետալս: Ամէն ինչ սկսաւ մանկական երազանքէն` ընել այն, որ ոչ ոք ըրած է: Զիս ներշնչողը եղած է Մայքլ Ճորտընը, որ թիւ 23 տարազը կը կրէր: Ես կը ձգտէի լողի մէջ ընել այն, ինչ որ Մայքլ Ճորտըն կ՛ընէր պասքեթպոլի մէջ: 23-ը յատուկ թիւ է: Ատիկա աւելի իւրայատուկ կ՛ըլլայ ինծի համար», ըսաւ Ֆելփս 23-րդ ողիմպիական ոսկի մետալը նուաճելէ ետք:


