Մարզական

Ճատրակ. Եւրոպայի Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Արոնեան Եւ Մկրտչեան Իրենց Մասնակցութիւնը Կը Բերեն

Սերպիոյ Նովի Սաթ քաղաքին մէջ սկսած Եւրոպայի ճատրակի ակումբներու ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչներ Լեւոն Արոնեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան: Լեւոն Արոնեան մաս կը կազմէ իտալական Փատովա ակումբին, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան` ռուսական Եուկրա խումբին: Ա. հանգրուանին Փատովա 5-0 արդիւնքով յաղթեց Փասանթի: Արոնեան չմասնակցեցաւ այս մրցումին: Իսկ Եուկրա 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆիշերի: Մկրտչեան պարտութիւն կրեց: Տղոց մրցաշարքին կը մասնակցին...

Հայկ Գալստեան Կոլ Մը Նշանակեց Պոխումի Հետ

Գերմանիոյ ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պոխում, որ հիւրընկալեց Ֆորթունան, 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին կոլերէն մէկը նշանակեց 18 տարեկան հայ միջնապահ Հայկ Գալստեան` 62-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ Գալստեան հրաւիրուած է Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքական, 10-15 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եուրօ-2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին մասնակցելու համար: Է. խմբակին մաս կազմող Հայաստան իրեն...

Պոաթենկ 2 Մրցումով Պիտի Բացակայի Գերմանիոյ Կազմէն

Պայէրն Միւնիխի յետսապահ Ժըրոմ Պոաթենկ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով պիտի բացակայի Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք յաջորդ 2 մրցումներէն: 11 նոյեմբերին Գերմանիոյ մրցակիցն է Սան Մարինօ, իսկ 15 նոյեմբերին` Իտալիա: Կ՛ակնկալուի, որ գերմանացին ֆութպոլի դաշտերը վերադառնայ 19 նոյեմբերին եւ իր մասնակցութիւնը բերէ Պորուսիա Տորթմունտի դէմ կատարուելիք «Պունտըսլիկա»-ի գագաթի ճակատումին:

Ռոնալտօ Եւ Սիմէոնէ` «Լա Լիկա»-ի Լաւագոյնները

Սպանական «ՄԱՐՔԱ օրաթերթին կողմէ ամէն տարի տեղի ունեցող մրցանակաբաշխութեան, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի նախորդ տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ ստացաւ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոյի անուան մրցանակը: Իսկ լաւագոյն մարզիչի մրցանակը ստացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի արժանթինցի մարզիկը` Տիեկօ Սիմէոնէ: Ռոնալտօ չորրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին, մինչ Սիմէոնէ` երկրորդ անգամ ըլլալով: Իսկ լաւագոյն կոլսքորըրի տիտղոսին տիրացաւ...

Իվան Եաքան` Կոլի Հեղինակ

Պելճիքայի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սերքլը Պրիւժ, որ հիւրը եղաւ Թուպիզի, 4-1 արդիւնքով պարտուեցաւ: Հիւր կազմին միակ կոլը նշանակեց հայկական ծագում ունեցող միջնապահ Իվան Եաքան (19-րդ` փենալթիով): Ան 69-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:  

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը` 80-63 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Մութթահետի

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը` 80-63 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Մութթահետի

Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 2-րդ մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ, 80-63 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մութթահետի, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` Թատամոնի ետին գրաւելով 2-րդ դիրքը: Բնականաբար Մէյրուպա եւ Մութթահետ դուրս մնացին մրցաշարքէն: PROFOTO Մութթահետի դէմ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ունեցան լաւ խաղարկութիւն` չորս քորթըրներուն ալ տիրապետելով իրենց մրցակիցին վրայ (27-21, 19-17, 15-11 եւ 19-14):...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

11 նոյեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 21:00-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Հայաստան - Մոնթենեկրօ մրցումը: Նախապատրաստուելու համար այս մրցումին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ իր փորձերուն: Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Հայաստան հասան հաւաքականին մաս կազմող մարզիկներ Գեղամ Կադիմեան եւ Ռուսլան Քորեան: Այսօր հայրենիք կը հասնին...

Թենիս. Նոր Դասաւորում. Անգլիացի Միւրէյ` Առաջին Դիրքին Վրայ

Էնտի Միւրէյ Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց աշխարհի նոր ընդհանուր դասաւորումը: Նախորդ շաբաթավերջին Փարիզի «Մասթըրզ»-ի միջազգային տիտղոսին տիրացած անգլիացի Էնտի Միւրէյ, սերպ Նովաք Ճոքովիչէն խլեց պարագլուխի դիրքը: Վերջինս 223 շաբաթ մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ: Միւրէյ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 11.185 կէտ, Ճոքովիչ ունի 10.780 կէտ: Թիւ 1 դասուած անգլիացին, որ այսպիսով տիրացաւ իր 14-րդ «Մասթըրզ»-ի տիտղոսին, Փարիզի մէջ իր յաղթանակը...

Հայկական Ֆութպոլ. Շիրակ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Արարատին, Շիրակ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը: Վիուլեն Այվազեան (17-րդ) եւ Ղուկաս Պօղոսեան (83-րդ) նշանակեցին Շիրակի կոլերը: Փիւնիկ - Գանձասար Կապան մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, մինչ վերջին մրցումին Ալաշկերտ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Բանանցի: Արտակ Եդիգարեան (6-րդ եւ 79-րդ), Խորէն Վերանեան (71-րդ) եւ Արտակ Գրիգորեան (92-րդ) նշանակեցին Ալաշկերտի...

«Էն. Պի. Էյ.». Հիւրընկալ 2 Խումբերը Յաղթեցին, 4-ը` Պարտուեցան

Լէյքըրզ - Սանզ մրցումէն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան վեց մրցումներ: Հիւրընկալ կազմերէն Տալաս Մավըրիքս եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ յաջողեցան յաղթել, մինչ մնացեալ չորսը պարտուեցան իրենց հիւրերէն: Երկարաձգումէն ետք Տալաս Մավըրիքս 86-75 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Միլուոքի Պաքսին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Հերիսըն Պառնզ նշանակեց 34 կէտ: Լոս Անճելըսի մէջ, Ֆէոնիքս Սանզ 119-108 արդիւնքով պարտուեցաւ Լէյքըրզէն, հակառակ...

2018-Ի Մոնտիալ. Ուիլշեր Եւ Քէյն Վերադարձան Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Ճեք Ուիլշեր Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սկովտիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումին եւ Սպանիոյ դէմ կատարուելիք բարեկամական հանդիպումին համար, Ճեք Ուիլշեր եւ Հերի Քէյն նկատի առնուեցան Անգլիոյ ժամանակաւոր մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթի կողմէ: Նշենք, որ Անգլիա իր այս երկու մրցումներն ալ պիտի կատարէ իր դաշտին` «Ուեմպլի»-ի մէջ: Ստորեւ` Անգլիոյ կազմը. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Ֆրէյզըր Ֆորսթըր...

Գեւգէոզեան Նշանակեց Կոլ Մը

Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Աթլեթիքօ Պուքարամանկա, որ հիւրն էր Լա Էքուիտատին, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Մրցումին 51-րդ վայրկեանին Աթլեթիքոյի հաւասարութեան կոլը նշանակեց ուրուկուէյահայ յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէոզեան: Ան մրցումին մասնակցեցաւ 86 վայրկեան: Անոր կազմը այժմ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, 31 կէտով:

Ռոնալտօ Մինչեւ 2021 Ռէալ Մատրիտի Հետ

Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նոր պայմանագրութիւն մը կնքեց իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ: 31 տարեկան ֆութպոլիստը այսպիսով մինչեւ 2021 պիտի մնայ արքայական ակումբին հետ: Ան 2009-ին փոխան 94 միլիոն եւրոյի Մանչեսթըր Եունայթըտէն փոխանցուեցաւ Ռէալ Մատրիտի, որուն հետ 360 մրցումի ընթացքին նշանակեց 371 կէտ:  

Վան Փերսիի Տեսողութիւնը Վտանգի Տակ Է

Ֆեներպահչէի մաս կազմող հոլանտացի յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի աչքի շատ լուրջ վնասուածք մը ստացաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ անոր կազմը Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կը մրցէր Աքհիսար Պելետիեսփորի դէմ, կը գրէ «Տէյլի Մէյլ»: Կը նշուի, որ մրցակից կազմին մարզիկներէն մէկը, մրցումին ընթացքին, արմուկի ուժգին հարուած մը տուած է անոր ձախ աչքին, երբ երկուքը կը պայքարէին գնդակին տիրանալու համար:...

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ – Թատամոն` 92-97

ՀՄԸՄ- Թատամոն մրցումէն PROFOTO Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող «Հանրի Շալհուպի» անուան պասքեթպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, 97-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թատամոնէն (22-13, 52-39, 70-59 եւ 92-97): ՀՄԸՄ, բաւական լաւ ձեւով սկսաւ այս մրցումը, որուն ընթացքին ան կէտերու տարբերութիւնը յաջողեցաւ բարձրացնել նոյնիսկ մինչեւ 21-ի (52-31): Սակայն, Թատամոն, հետզհետէ նուազեցնելով կէտերու տարբերութիւնը,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Ահլի Նապաթիէի Եւ Բարձրացաւ 4-րդ Դիրք

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 6 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ահլի Նապաթիէն: Արձանագրելով տարեշրջանի իր 4-րդ յաղթանակը, 4-1 արդիւնքով, դասաւորման մէջ ՀՄԸՄ 6-րդ դիրքէն բարձրացաւ 4-րդ: Մրցումը հազիւ սկսած, ՀՄԸՄ ղեկը իր ձեռքը առնելով, 23-րդ վայրկեանին բացաւ հաշիւը շնորհիւ հայրենի ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղանտիլեանի, որ իր փոխանցումը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը. Եուվենթուս Յաղթեց, Նիս Պարտուեցաւ

Լիվըրփուլի յաղթական մարզիկները Շաբաթավերջին, եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Անգլիոյ դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւեց Լիվըրփուլ` իր դաշտին վրայ 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Ուաթֆորտը: Տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Չելսի (5-0) եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ (3-1): Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ հաւասարութիւններ արձանագրեցին: Իտալիոյ մէջ Եուվենթուս ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Քիեւօ Վերոնայի դաշտէն: Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ` 3-1

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 նոյեմբերին Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա, Մար Ռուքոզ), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարելով, 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ռաուտա Տըքուանէի: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Աւօ Տոնպուրեան, Սերժ Մելիքեան եւ Վաչէ Ղուկասեան:  

Լիբանանի Լողարշաւի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Թոնի Նասսար Ընտրուեցաւ Նախագահ

Շաբաթ, 5 նոյեմբերին Ռիմալի մէջ (Զուք Մոսպեհ) տեղի ունեցան Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Մրցակիցի չգոյութեան պատճառով Հարպ ակումբին նախագահ Թոնի Նասսարի գլխաւորած ցանկը ընտրուեցաւ եւ Նասսար դարձաւ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին նախագահ: 9 աթոռի համար, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 11 անձեր: Սակայն, նկատի ունենալով որ Ապպուտ Իսսա եւ Պասեմ Հութ իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչեցին, Նասսարի ցանկը ընտրուեցաւ առանց քուէարկութեան: Նշենք, որ...

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան Անցաւ Յաջորդ Հանգրուան

  Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ արձանագրեց կարեւոր յաղթանակ մը` 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իսլանտան: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստան ապահովելով 4 կէտ եւ գրաւելով 12-րդ խմբակին երրորդ դիրքը, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: Հայաստանի կոլերը նշանակեցին Մարտին Գրիգորեան (19-րդ),...

Page 1046 of 1276 1 … 1,045 1,046 1,047 … 1,276

Արխիւներ