Ֆեներպահչէի մաս կազմող հոլանտացի յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի աչքի շատ լուրջ վնասուածք մը ստացաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ անոր կազմը Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կը մրցէր Աքհիսար Պելետիեսփորի դէմ, կը գրէ «Տէյլի Մէյլ»:
Կը նշուի, որ մրցակից կազմին մարզիկներէն մէկը, մրցումին ընթացքին, արմուկի ուժգին հարուած մը տուած է անոր ձախ աչքին, երբ երկուքը կը պայքարէին գնդակին տիրանալու համար: Բժիշկները Փերսիի փոխադրուած հիւանդանոցէն յայտնեցին, որ անոր տեսողութեան այժմ շատ մեծ վտանգ մը կը սպառնայ:
Այս մրցումին, անոր կազմը 3-1 արդիւնքով յաղթեց եւ ան նշանակեց կոլ մը: