Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 2-րդ մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ, 80-63 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մութթահետի, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` Թատամոնի ետին գրաւելով 2-րդ դիրքը:
Բնականաբար Մէյրուպա եւ Մութթահետ դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Մութթահետի դէմ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ունեցան լաւ խաղարկութիւն` չորս քորթըրներուն ալ տիրապետելով իրենց մրցակիցին վրայ (27-21, 19-17, 15-11 եւ 19-14):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մայք Թէյլըր (28), ապա յաջորդաբար` Տուայն Ճեքսըն (23), Աթեր Մաճոք (11 կէտ, 8 ռիպաունտ), Նետիմ Սուէյտ (9), Հայկ Կէօքճեան (5 կէտ, 10 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան եւ Էլի Շամուն (2-ական):
Մութթահետէն Մարվել Ուէյթ նշանակեց 14 կէտ:
Նշենք, որ նախքան մրցումը սկսիլը, երկու կազմերուն մարզիկները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յիշատակը հիւսիսային խումբին պատասխանատուներէն Պասսամ Մաասարանիի, որ քաղցկեղի դէմ պայքարելէ ետք մահացած էր:
Երկու կազմերը մեծ պաստառներ բռնած միասին լուսանկարուելով իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին Մաասարանիի պարագաներուն: