Գերմանիոյ ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պոխում, որ հիւրընկալեց Ֆորթունան, 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Յաղթական կազմին կոլերէն մէկը նշանակեց 18 տարեկան հայ միջնապահ Հայկ Գալստեան` 62-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Գալստեան հրաւիրուած է Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքական, 10-15 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եուրօ-2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին մասնակցելու համար:
Է. խմբակին մաս կազմող Հայաստան իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իտալիան, Զուիցերիան եւ Հունգարիան: